Skip to content

1918 Մայիսեան հերոսամարտերու եւ ՀՀ անկախութեան 100 ամեակին կապակցութեամբ, եւ ընդառաջելով Ֆրանսայի Կրենոպլ քաղաքի Հայկական մշակոյթի տան նախաձեռնած «Արի, պարիր Քոչարի» խորագիրով ֆլեշմոբի ծրագիրին, համայնքիս մէջ սոյն տօնակատարութիւնները համադրելու միտումով կազմուած կեդրոնական յանձնախումբի հովանաւորութեամբ, Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի՝ 91-րդ մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ Մայիս 8-ին, Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի կեդրոնին մէջ, նկարահանուեցաւ Քոչարի պարը տեղւոյն կարողութիւններով եւ հնարաւորութիւններով։ Սոյն ձեռնարկի տեսանիւթը պիտի ուղարկուի Ֆրանսայի վերոնշեալ ծրագիրի կազմակերպիչներուն, միացնելու համար իրենց ընդհանուր ծրագիրին, որը պիտի ցուցադրուի ամսոյս 26-ին:
Like this:
Like Loading...