ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Ներքին Գործոց Նախարարի Այցը Առաջնորդարան

 2019ի Օգոստոս 27-ին, Իրաքի Հայոց առաջնորդարան այցելեց Իրաքի Ներքին գործոց  նախարարը՝ Պր․ Եասին Ալ-Եասրին։ Անոր դիմաւորեց Իրաքի  Հայոց բարեխնամ առաջնորդ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանը եւ կեդրոնական վարչութեան անդամները որոնք, միասին այցելեցին առաջնորդանիստ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին նուիրուած յուշարձանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Իրաքի ժողովրդի՝ ի մասնաւորի Իրաքահայերու առջեւ ծառացած դժուարութիւնները եւ անոնց հնարաւոր լուծումները։

Աւարտին նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրասիրութեան համար մաղթելով բարի ընթացք Հայ համայնքին։

Print Friendly, PDF & Email

%d