Երկուշաբթի, 20 Յուլիս 2020-ին, Զախոյի Սբ․ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն նուիրուած՝ վերջին օրերուն տեղի ունեցող մարտերուն Հայոց բանակի նահատակուած զինուորներուն: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարեց Զախոյի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ․ Մամբրէ քհնյ․ Հմայեակեան:
