ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հայոց Ազգային Մանկապարտէզի Աւարտական Հանդէս

12 Մայիս 2022-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ Հայոց Ազգային Մանկապարտէզի սաներու աւարտական հանդէսը: Հանդէսին ներկայ էր՝  Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւաք Արք․ Ասատուրեան: Փոքրիկ շրջանաւարտները յայտագրի բացումը կատարեցին  ՏԷրունական աղօթքով, ապա հնչեցին բանաստեղծութիւններ եւ երգեր։ Աւարտին Սրբազան Հայրը փոքրիկներուն յանձնեց աւարտական վկայականներ ու նուէրներ, այնուհետեւ իր հայրական խօսքը յղեց  ծնողներուն։ Արարողութեան ներկայ էին՝ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն․ Մելքոն Մելքոնեան եւ անդամները։ 

Print Friendly, PDF & Email

%d