ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ՀՄԸՄ

Սրահի Բացման Ձեռնարկ ՀՄԸ Միութեան Մէջ

27 Յունիս 2022-ին, ՀՄԸ Միութիւնեան մէջ ննջեցեալ Արշակ եւ Արա Եսայեաններու անունով սրահի բացման ձեռնարկ կատարուեցաւ, որուն ներկայ էին Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւկիւլեան, ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ու անդամներ եւ միութեանց վարչութիւններու անդամները։ Ձեռնարկը սկսուեցաւ տօնօրհնեքի արարողութեամբ ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸ Միութիւնի փոխ ատեապետ Պր․ Յակոբ Սահակեանը։ Յիշեցնենք որ, ննջեցեալներ Արշակ Եսայեանը եղած էր միութեան հիմնադիրներէն մէկը, Արա Եսաեանը՝ միութեան ներկայիս վաչութեան ատենապետը։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: