Թուրքիոյ սահմանամերձ, առեւտրական եւ ռազմավարա –
կան խիստ կարեւոր շրջանի մը մէջ, Տիարպեքիր- Ամիտ-էն
քանի մը վայրկեան դէպի իրաքեան Քիւրտիստան, կը ծաղկի
Զախօ քաղաքը:
Այստեղ 1918-ին ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած
հայեր, շնորհիւ քիւրտ ցեղապետ Շամտին Աղայի եւ Ասորի
նեստորական եւ քաղդիացի ժողովուրդներու բարեացակա –
մութեան, նոր տուն եւ հայրենիք կը հիմնեն: Շամտին Աղա,
մզկիթներէն կոչ կ՚ընէ պահել ու պահպանել հայերը, անոնց
հող ու սեփականութիւն շնորհելով: Այսօր, վերակառուցման
կը կարօտի, 1923-ին որպէս աղօթարան կառուցուած, Սուրբ
Մարիամ Աստուածածնայ հայոց եկեղեցին, Զախոյի մէջ, որուն
հոգեւոր հայրն էր Տէր Առաքել Գասպարեան։ Անոր անժամա –
նակ մահէն ետք ան թաղուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ, հա –
մազ գային յուղարկաւորութեամբ։ Տէր Յարութիւն (Արթուն)
Խալաթեան զինք յաջորդեց:
Ժամ մը անդին Զախոյէն, Միջին Արեւելքի ամէնէն գեղեցիկ
քաղաքներէն` Տհոքն է, որուն կեդրոնական փողոցներէն
մէկուն վրայ նորակառոյց Սբ. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին է,
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման յուշարձանով եւ տու –
ֆակերտ խաչքարով, որպէս նուէր Մայր Հայրենիքէն: Ճար –
տարապետը Երուանդ Ամինեանն է, իրաքեան Քիւրտիստանի
խորհրդարանի երիտասարդ անդամը, որ յաջորդեց նախկին
«Փեշմերկա», Արամ Շահէն Բակոյեանին։ Երկուքն ալ այցելե –
լով Մայր Հայրենիք, ստացան իրենց քաղաքացիութիւնը:
Եկեղեցիին հոգեւոր հովիւը նոյնպէս հերոս մը, Տէր Մասիս
Շահինեան, հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին նուիրեալ մը, որուն հետ
միասին միշտ կը հանդիպինք Տհոքի համալսարանին քրտա –
գիտութեան ամպիոնի երկարամեայ դասախօս Վարդգէս
Սարգսեանին, որուն աշակերտները եղած են քիւրտ թէ եզի –
տի ղեկավարներ ու նախարարներ:
Բազմիցս գրած ենք, մի քանի լեզուներու ալ թարգմանուած,
Հավրէզի թէ Աւզրուկի, Էշքֆենտէրի հայկական գիւղերուն մա –
սին, որոնց մօտ կը կառուցուի Տհոքի միջազգային օդա կայա –
նը: Այս երեք գիւղերը, հիմնադրուած Լեւոն Փաշա Շա ղոյեա –
նին կողմէ, վերակառուցուած իրաքեան Քիւրտիստանի հա –
յազգի փոխ-վարչապետ Սարգիս Աղաջանեանի կողմէ, կրցան
ինքնապաշտպանական ջոկատ կազմել եւ հեռու պա հել անիծ –
եալ ՏԱՀԷՇ-ի ոճրագործները: Հրամանատարը, Իրաք-Իրան
պատերազմի վեթերան Մուրատ Վարդանեան Վանի հերոս –
նե րուն շառաւիղը, այսօր կը հանդիսանայ հայ-քրտական-
ասորական¬քաղդիական եղբայրութեան խորհրդա նիշը, մինչ
բազմաթիւ կոտորածէ փրկուած եզիտիներ ու քրիստոնեաներ
փրկուեցան ու պատսպարուեցան հայ գաղթօճախին ջանքերով:
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ