ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

Առաջնորդարանի նորութիւններ

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ  ԻՐԱՔԻ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՂԴԷԱՑՒՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր, առաւօտեան ժամը 10:00 ին թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Իրաքի եւ համայն աշխարհի Քաղդէացւոց եկեղեցւոյ նախագահ՝ Նորին Սրբութիւն Լուիս Ռ. Սագօ Պատրիարքը եւ պատուիրակութեան անդամներ՝  Գերշ. Տ. Վասիլիոս Ելտա եւ Գերշ. Տ….

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Էրպիլ  կեցութեան առիթէն օգտուելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ամսոյս 8ի առաւօտուն Անքաուայի մէջ այցելեց Քաղդէացւոց Պատրիարքարան։ Սրբազան Հօր ընդունեց Նորին Սրբութիւն Լուիս Սագօ Պատրիարքը։ Յետ Զատկական շնորհաւորանքներու փոխանակման, երկու հոգեւոր պետերը  քննարկեցին Իրաքի Քրիստոնեարուն հետ առնչուող զանազան հարցեր։ Հանդիպման ներկայ էին` …

_________________________________________

Ղեւոնդեանց Տօնին Յիշատակումը Պաղտատի մէջ

9 Փետրուար 2021-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի սրահին մէջ նշուեցաւ Ղեւոնդեանց տօնը: Արարողութեան մասնակցեցան Հոգեշնորհ Տ․ Պետրոս Աբղ․ Ազարեան, Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան, կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներն ու Առաջնորդարանի անձնակազմը։ Ներկաները իրենց բարեմաղթանքները յայտնեցին Սրբազան Հօր եւ քահանաներուն։ Աւարտին Սրբազան Հայրը…

Posted on iamc

Զախոյի Գրական Եւ Մշակութային Յանձնախումբի Շաբաթական Հանդիպումը

5 Փետրուար 2021-ին, Զախոյի Գրական եւ Մշակութային յանձնախումբը գումարեց շաբաթական իր հերթական հանդիպումը: Հանդիպման ներկայ էին Քուրտիստանի շրջանի խորհրդարանի անդամ Պրն․ Վահիկ Սարանեան, Իրաքի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ Պրն․ Վարդան Վարդանեան, վարչութեան անդամներ Պրնք. Գէորգ Գատոյեան եւ Կարապետ Գալուստեան, Զախոյի…

Posted on iamc

Այցելութիւն Տըհօքի Կրօնական Գործերու Վարչութիւն

2 Փետրուար 2021-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ անձնակազմէն այցելեցին Տըհօքի Աւանդապահութեան եւ Կրօնական Գործերու Գլխաւոր վարչութիւն: Պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ՝ Զախոյի եւ Տըհօքի հոգեւոր հովիւ՝ Տ․ Մասիս քհնյ․ Շահինեանի, շնորհաւորեց Պրն․ Մուհամետ Խալիտ Մուհամետը նոր պաշտօն ստանձնելու կապակցութեամբ։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ…

Posted on iamc

Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Աւզրուկ Գիւղի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւզրուկ Գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ  մատուցուեցաւ Սուրբ Սարգիս Զօրավարի  տօնին առիթով։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց՝ Արժ. Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեան,  մասնակցութեամբ սարկաւագաց  եւ դպրաց դասերու։ Պատարագին ներկայ էին բարեպաշտ  հաւատացեալ ժողովուրդ։

Posted on iamc

Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Հաւրէզք Գիւղի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ

30 Յունուար 2021-ին, Հաւրէզք գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ  մատուցուեցաւ Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց՝ Արժ. Տ. Տիրան քհնյ. Սարգիսեան, մասնակցութեամբ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու։  Պատարագին ներկայ էին բարեպաշտ  հաւատացեալ ժողովուրդ։

Posted on iamc

Զախոյի Գրական Եւ Մշակութային Յանձնախումբի Շաբաթական Հանդիպումը

29 Յունուար 2021-ին, Զախոյի Գրական եւ Մշակութային յանձնախումբը գումարեց  իր շաբաթական հանդիպումը: Հանդիպման ընթացքին յանձնախումբի պատասխանատու ճարտարապետ Օրդ․ Վարդանուշ Մարկոսեան դասախօսութիւն կարդաց հայ տառերու գիւտի պատմութեան մասին։ Օրուան ներկայ էին Թաղական խորհուրդի անդամները եւ համայնքի զաւակներէն։

Posted on iamc

Գեղարուեստական Երեկոյ ԻՀԲԸ Միութիւն Մէջ

29 Յունուար 2021-ին, Հովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, ԻՀԲԸ միութեան վարչութիւնը կազմակերպեց «Սայաթ Նովա» անսամպլի գեղարուեստական երեկոյ՝ միութեան Թաճիրեան սրահէն ներս։ Ձեռնարկին ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ․ Պետրոս Աբղ․ Ազարեան, Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան, ՀՀ դեսպանատան…

Posted on iamc

Պաշտօնական Այցելութիւն Զախոյի Մէջ

27 Յունուար 2021-ին, Զախոյի  Սուրբ Մարիամ Աստուածածին  եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տէր Մասիս Քհնյ․ Շահինեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․ Դաւիթ Մարտիրոսեան եւ անդամներ՝ Պրնք․ Արմէն Լազարեան, Յովսէփ Հատարեան այցելեցին Զախոյի շարք մը գերատեսչութիւններ ամրապնդելով տեղւոյն հայ համայնքին կապերը անոնց հետ։

Posted on iamc

Տեղի Ունեցաւ Զախոյի Գրական Եւ Մշակութային Յանձնախումբի Առաջին Նիստը

22 Յունուար 2021-ին, Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորակազմ  Գրական եւ Մշակութային յանձնախումբը գումարեց  իր առաջին նիստը։ Նիստին ներկայ էին Զախոյի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ․ Տէր Մասիս Քհնյ․ Շահինեան, Թաղական խորհուրդի ատենապետ՝ Պրն․ Դաւիթ  Մարտիրոսեանը եւ անդամները,…

Posted on iamc

Իրաքի ՄԷջ Ասիրիական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնի Գլխաւոր Տնօրէնի Այցը Առաջնորդարան

20 Յունուար 2021-ին, Իրաքի թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեան, Առաջնորդարանի սրահին մէջ ընդունեց Ասիրիական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի գլխաւոր տնօրէն՝ Պրն․ Իմատ Սալիմ Ճըճու։ Հանդիպման ներկայ էին կեդրոնական վարչութեան անդամ Պր․ Կարապետ Գալուստեան եւ Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան։

Posted on iamc