ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԻՀԲԸ Միութեան Վարչութեան Այցելութիւնը Իրաքի Հիւսիսային Շրջան

30 Յունիս  2021-Ին, ԻՀԲԸ Միութեան վարչութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ Պրն․ Գէորգ Գատոյեանի, այցելութիւն կատարեց Իրաքի Հիւսիսային շրջանի հայաբնակ գաղութներու  թաղականութիւններ, եւ Էրպիլի Հայ ընկերութեան եւ մշակութեան միութիւն։ Բոլոր հանդիպումներու ընթացքին  քննարկուեցան հարցեր՝ ի նպաստ  Իրաքահայ համայնքին։

Posted on iamc

ԻՀԲԸ Միութեան Գեղարուեստական Յանձնախումբը Նշեց Վարդավառի Տօնը

11 Յուլիս 2021-ին, ԻՀԲԸ Միութեան  գեղարուեստական յանձնախումբը Պայծառակերպութեան  Տեառն Մերոց Յիսուսի Քրիստոսի  (Վարդավառի) տօնին առիթով  խնճոյք մը կազմակերպեց, մասնակցութեամբ՝ միութեան փոքրերու պարախումբի անդամներուն։

Posted on iamc

Ճաշկերոյթ ԻՀԲԸ Միութեան Մէջ

25 Յունիս 2021-ին, ԻՀԲԸ Միութեան նորընտիր վարչութիւնը ծանօթանալու  համար ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց։ Ձեռնարկին ներկայ էին Թեմիս Բարեխնամ  Առաջնորդ՝  Գերաշնորհ  S. Աւագ Արք. Ասատուրեան, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր Դեսպան Պրն․ Հրաչեայ Փոլատեան եւ կցորդ Պրն․ Ալիք Ղարիպեանը եւ տիկինը Սոնա Սահակեանը:

Posted on iamc

Դասախօսութիւն՝ ԻՀԲԸ Միութեան Սրահին Մէջ

Ուրբաթ, 11 Յունիս 2021-ին, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանի, ԻՀԲԸ միութեան Գաբրիէլեանի անուան  սրահին մէջ, գրական յանձնախումբը կազմակերպեց՝ «Բռնութիւն Կանանց Նկատմամբ» խորագիրով դասախօսութիւն։ Օրուան դասախօսն էր՝ Բարեշ․ Արա Սրկ․ Միրզոյեան։ Ներկայ էին միութեան վարչութեան ատենապետը եւ…

Posted on iamc

Մայիս 28-ի Առթիւ Թէյասեղան՝ Պաղտատի ՀԲԸՄ ՄԷջ

Մայիս 27-ին,  Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 103-րդ տարեդարձին առթիւ, ԻՀԲԸ միութեան տիկնանց յանձնախումբը  կազմակերպեց ընտանական թեյի նիստ։ ներկայ էին միութեան վարչական ատենապետը եւ անդամները, տիկնանց յաձնախումբը եւ  թեմի ընտանիքներէն ոմանք։

Posted on iamc

Գեղարուեստական Երեկոյ ԻՀԲԸ Միութիւն Մէջ

29 Յունուար 2021-ին, Հովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, ԻՀԲԸ միութեան վարչութիւնը կազմակերպեց «Սայաթ Նովա» անսամպլի գեղարուեստական երեկոյ՝ միութեան Թաճիրեան սրահէն ներս։ Ձեռնարկին ներկայ էին Հոգեշնորհ Տ․ Պետրոս Աբղ․ Ազարեան, Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան, ՀՀ դեսպանատան…

Posted on iamc

Բանախօսութիւն Հայկական Խաչքարերու Մասին

Մարտ 1, 2020-ին, ԻՀԲԸ միութեան սրահին մէջ, վաւերագրական լուսանկարիչ՝ Պրն․ Ռամի Ալ-Ասր հանդէս եկաւ «Հայկական խաչքարերը» խորագիրով բանախօսութեամբ: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպած էր ԻՀԲԸ միութեան վարչութիւնը։ Բանախօսը բաւական հարուստ բովանդակութեամբ ներկայացուց խաչքարերու պատմականն ու տեղանքի կարեւորութիւնը։ Ձեռնարկին ներկայ էին՝ Հոգեշնորհ Տ․…

Posted on iamc

Իրաքի Աւանդական Երաժշտութեան երեկոյ

Փետրուար  20, 2020-ին, կազմակերպութեամբ՝ ԻՀԲԸ միութեան վարչութեան, միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Իրաքի աւանդական երաժշտութեան (Չալղի)ի երեկոյթ։

Posted on iamc

Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան 150-ամեակին Նուիրուած Երեկոյ ԻՀԲԸՄ Մէջ

6 Դեկտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ ԻՀԲԸ միութեան վարչութեան, կայացաւ  ամենայն Հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի (1869-1923) ծննդեան 150 ամեակին նուիրուած երեկոյ, որ տեղի ունեցաւ միութեան Թաճիրեան սրահին մէջ: Յայտագիրին սկիզբը ներկայացուեցաւ բանաստեղծի…

Posted on iamc

Եկեղեցական Խումբերու Ֆութպոլի Առաջնութիւն

2-24 Դեկտեմբեր 2019-ին, Իրաքի Հայոց թեմի՝ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ֆութպոլի խումբը կը մասնակցի՝ «Ազատութեան Նահատակներ» խորագիրով մրցաշարին, որ  կազմակերպած է  Ռում Ուղղափառ եկեղեցին:  Մրցաշարը տեղի կ՛ունենայ ԻՀԲԸ միութեան դաշտին մէջ, որուն կը մասնակցին  Պաղտատի եօթ եկեղեցիներու ֆութպոլի  խումբերը։

Posted on iamc