ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

Պաղտատի Թենիսի Մրցոյթին ՀՄԸՄ-ը Գրաւեց Առաջին Հորիզոնականը

13 Հոկտեմբեր 2022-ին, հովանաւորութեամբ՝ Պրն․ Հուսէյն Ալ-Սաիտի, Պաղտատի թենիս խաղցողներու միութիւնը Ալ-Շաապ միջազգային մարզադաշտին մէջ՝ կազմակերպեց մրցոյթ մը, (8-14) տարեկան տղաներու եւ աղջիկներու համար։ Մրցոյթին մասնակցեցաւ Պաղտատի կողմէ՝ ՀՄԸՄ-ը, 2 խաղցողներով։ Առաջին  եւ երկրորդ հորիզոնականները համապատասխանաբար գրաւեցին Շողեր Թովմասեանը եւ…

Posted on iamc

Վոլիպոլի Մրցոյթ Իրաքի Մէջ

Իրաքի վոլիպոլի ընդհանուր միութիւնը,  Հոկտեմբեր 7-11, 2022-ին, Տըհոքի մէջ կազմակերպեց Իրաքի կանանց ակումբներու առաջնութիւն: Երկարատեւ բացակայութենէ ետք Պաղտատի ՀՄԸ Միութիւնը վերադարձաւ մարզական հանրութիւն՝ մասնակցելով մրցաշարին: Մասնակցութիւնը՝  փորձ ձեռք բերելու եւ մասնակից խումբերուն հետ ծանօթանալու, յաջող սկիզբ կը համարուի, հետեւաբար անոնց …

Posted on iamc

Սրահի Բացման Ձեռնարկ ՀՄԸ Միութեան Մէջ

27 Յունիս 2022-ին, ՀՄԸ Միութիւնեան մէջ ննջեցեալ Արշակ եւ Արա Եսայեաններու անունով սրահի բացման ձեռնարկ կատարուեցաւ, որուն ներկայ էին Իրաքի Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ․ Օշական Վրդ․ Կիւկիւլեան, ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ու անդամներ եւ…

Posted on iamc

Մայիս 28-ին Նուիրուած Պարահանդէս Պաղտատի Մէջ

9 Յունիս 2022-ին, Պաղտատի ՀՄԸ Միութեան վարչութիւնը  ընտանեկան պարահանդէս կազմակերպեց նուիրուած ՀՀ անկախութեան 104-ամեակին, որ տեղի ունեցաւ ՊՀԵԵ Միութեան սրահին մէջ։  Պարահանդէսին՝ երգիչ Սուրէն Աճեմեան հայրենասիրական երգերով խանդավառեց ներկաները։ Օրուան  ներկայ էին՝ ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․ Ալիք Ղարիպեան, Ազգային Կեդրոնական…

Posted on iamc

ՀՄԸ Միութեան Մէջ Նշուեցաւ  Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման Տօնը

26 Մայիս 2022-ին, ՀՄԸ Միութեան Տիկնանց յանձնախուբը կազմակերպեց  աւանդական-մշակութային երեկոյ, նուիրուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնին։ Տեղի ունեցան մանկական մրցոյթներ եւ աւանդական կերակուրներու մատուցում։ Ներկայ էին համայնքիս զաւակներէն։

Posted on iamc

Բանակում Պաղտատի ՀՄԸՄ-ին Մէջ

4 Մարտ 2022-ին, հովանաւորութեամբ՝ Պաղտատի ՀՄԸ Միութեան վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Սկաուտական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ մէկօրեայ բանակում Հայ Սկաուտի Օրուան առիթով։ Ընթացքին սկաուտական աստիճաններու բարձրացում կատարուեցաւ, որուն ճոխ յայտագիր մը յաջորդեց։ Ներկայ էին՝ Իրաքի մէջ  ՀՀ դեսպանատան հաւատարմատար Պրն․Ալիք Ղարիպեան, միութեան…

Posted on iamc

ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներու Գարնանային Զբօսաշրջութիւն

15 Փետրուար 2022-ին,  ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խորհուրդը գարնանային արձակուրդի իր ծրագիրներու շարքին՝ կազմակերպեց սկաուտական խումբերու այցելութիւնը՝ «Տրիմ Մոլ»։

Posted on iamc

Մանկական Խնճոյք ՀՄԸ Միութեան Մէջ

25 Դեկտեմբեր 2021-ին, Հ.Մ.Ը. Միութեան սկաուտական խորհուրդը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան Տօներուն առթիւ միութեան մարզասրահին մէջ, կազմակերպեց՝ մանկական խնճոյք, որուն ընթացքին կատարուեցան  բանաստեղծութիւններ, երգեր ու խաղեր: Խնճոյքի աւարտին Կաղանդ Պապան  նուէրներ բաժնեց  մանուկներուն:

Posted on iamc

Քորէական Թայքվանտոյի Առաջնութիւնը ՀՄԸՄ-ի Մէջ

 25-26 Հոկտեմբեր  2021-ին, խթանելով Իրաքի մէջ մարմնամարզութեան շարժումը, ՀՄԸՄ-ը հիւրնկալեց քորէական թայքվանտոյի առաջնութիւնը, համագործակցելով Իրաքի թայքվանտոյի միութեան հետ: Առաջնութեան մասնակցեցան  Իրաքի մէջ բոլոր քաղաքներու մարզիկները:

Posted on iamc

Իրաքի Սուսերամարտի Մրցոյթին ՀՄԸՄ-ը Գրաւեց Երրորդ Հորիզոնականը

Իրաքի սուսերամարտի ընդհանուր միութիւնը,  21-22 Հոկտեմբեր 2021-ին, մրցոյթ մը կազմակերպեց, ուր այլ մարզական ակումբներու կողքին մասնակցեցաւ ՀՄԸ միութիւնը։ Մրցոյթին երրորդ հորիզոնականը գրաւեց  Մարիամ Շանթը։ Մեր յատուկ շնորհակալութիւնը եւ գնահատանքի խօսքը կ՛ուղղենք  մարզիչ՝ Ռաատ Ալ-Շէյխլիին։

Posted on iamc