Շաուարա վէ ում ճըտըր — ՊԱՂՏԱՏ
Իրաքի բարեխնամ պետութիւնը Պաղտատի բոլոր քրիստոնեայ հա- մայնքներուն, թիւով 13 իւրաքանչիւրին, ձրիաբար՝ տարբեր հողաշերտեր յատկացուց, Պաքուպա քաղաքի ճամբուն վրայ, Շաուրա Վէում Ճըտըր կոչուած արուարձանին մէջ, որ կը գտնուի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցիէն 35 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ
Հայ Առաքելական համայնքի բաժինն է 100,000 քո.մեթը:
Եկեղեցի մը՝ յարակից մասերով, կառուցուեցաւ գերեզմանատան տարածքին մէջ, որ կոչուեցաւ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի: Նախագիծերը պատրաստեց իրաքահայ ճարտարապետ Սարգիս Սինանեան։ Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուեցաւ 10 Օգոստոս 1986-ին, ձեռամբ՝ թեմիս առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի: Կառուցման ծախսերուն մասնակցեցան համայնքիս ազգայիններ, իսկ պրն. Էտմոն Վարդան Մինասեան կարեւոր գումար մը նուիրեց եկեղեցւոյ յատակը մարմարով սալարկելու: Օծումը կատարուեցաւ 25 Մայիս 1990-ին, դարձեալ ձեռամբ թեմիս Առաջնորդին: Օծման մասնակցեցաւ, քաղաքս հիւրաբար գտնուող Տ. Նարեկ եպս. Շաքարեան, այն օրերուն Շիրակի թեմի առաջնորդը:





