ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ

Հաւրէզք գիւղը սկիզբ առած է 1920-ական թուականներուն, երբ Լեւոն Փաչա Շաղոյեան, որ եղած է յեղափոխական մարտիկ, գլխաւորելով Վանէն գաղթած ստուար թիւով հայեր, կը հասնի Իրաք եւ կայք կը հաստատէ հիւսիսային Իրաքի Տհոք քաղաքի մերձակայ աւանի մը մէջ, ուր գաղթականներ կ’ունենան իրենց տուները, ազգային վարժարանը եւ փոքրիկ մատուռ մը: Այդ գիւղը կը կոչուի Հաւրէզք։ Պետութեան որոչումով, այս շրջանը ռազմական գօտիէն ներս ըլլալու պատճառով, 1973-ին գիւղը կը պարպուի իր բնակչութենէն։ Դաշնակցային զօրքերու մղած պատերազմին հետեւանքով, 2003 թուականէն սկսեալ, երբ որոչ իրաւունքներ կը տրուին, չարք մը նախկին հաւրէզքցիներ կը դիմեն Առաջնորդ Սրբազան Հօր օգնութեան, վերադառնալու իրենց նախկին աւանը։ Յետ այնու բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ քրտական պատասխանատուներու միջեւ, այն օրերու ֆինանսական նախարար, Տիար Սարգիս Աղաջանի միջնորդութեամբ։ Այս հողամասը, որպէս աւանդ Ազգային առաջնորդարանի, կը յատկացուի նախկին հայ բնակիչներուն, վերոյիշեալ նախարարինուիրատուութեամբ` 110 նոյնանման տնակներ կը կառուցուին, ուր կը փոխադըր- ւին հայ ընտանիքներ ընդհանրապէս Պաղտատէն, ոմանք Մուսուլէն եւ Պասրայէն: Այսօր՝ գիւղը չէնցած է ու կանանչապատուած: Հինգ տարիներ առաջ` 2012-ին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը կապ կը հաստատէ Գերմանական Եկեղեցիներու Համախմբումին հետ, որոնք յանձն կ՚առնեն նոր եկեղեցւոյ մը չինարարութիւնը, Օծումը կատարուեցաւ 2016 թ. ձեռամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Հոգ․ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի։