Շօրճա թաղամասին մէջ
Պաղտատի հայութեան առաջին եկեղեցին Ս. Աստուածածին` կառու- ցուած է Մէյտան թաղամասին մէջ: Հայեր աստիճանաբար աճելով, մաս մը Պաղտատի հարաւային Շօրճա կոչուած՝ աւելի բարգաւաճ ու քրիստոնէաբ- նակ թաղամասին մէջ կը սկսին հաստատուիլ:
Ինպէս վերը նշուեցաւ, Միջագետք(Իրաք)ի թեմը, մինչեւ 19րդ դարու կէսերը, կապուած էր Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան եկեղեցիին հետ: Քաղքական այլեւայլ պատճառներով Պաղտատի ազգային իշխանութիւնը աւելի յարմար կը նկատէ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան կցուիլը, քանի որ Միջագետք ես մաս կը կազմէր օսմանեան կայսրութեան: Ուստի, ազգային իշխանութիւնը կ’որոշէ անջատուիլ Նոր Ջուղայէն ու կը դիմէ Պոլսոյ պատրիարքութեան ենթարկուելու համար։ Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ նոր եկեղեցի մը կառուցելու համար Պոլսէն կայսերական հրովարտակի (Ֆէրման) կարիքը կար: Ուստի, 1850 թուականին, Տ. Մեսրոպ ծ. վրդ. անձամբ Պոլիս կը մեկնի ձեռք բերելու պէտք եղած հրովարտակը: Պոլսոյ մէջ առիթէն օգտուելով, նուէրներ կը հաւաքէ Հայ ամիրաներէն եւ ուրիշներէն: