Հայերու Գաղթը Պաղտատ
Պաղտատի Հայ գաղթօճախը, Օսմանեան տիրապետութեան ենթարկուելէ ետք է որ կը սկսի կազմակերպուիլ, որուն առաջին արմատները փնտռելու համար հարկ է հետեւեալ պատմական տուեալները արձանագրել:
Ըun Դավրիժեցիի պատմութեան՝ հայեր զանազան ժամանակներու մէջ քանի մը ալիքներով անցած կամ բռնի գաղթահան եղած են Հայաստանէն Պարսկաստան, ապա մաս մըն ալ անցած է Իրաք: Յիշատակութեան արժանի է, 605ին Շահ Ապպասի` Նախիջեւանը եւ Երեւանը գրաւելէ ետք, գնահատելով հայ կենսունակութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը, եւ անոնցմէ օգտուելու համար բռնի կերպով 12 հազարէ աւելի հայեր տեղահան կ՚ընէ եւ կը փոխադրէ Սպահան, Պարսկաստան: Այս հայերու մեծամասնութիւնը Ջուղայէն ըլլալով, Սպահանի մօտերը Նոր Ջուղայ անունով քաղաք մը մը հիմնեն, ի յիշատակ իրենց հայրենի քաղաքին: Ժամանակի ընթացքին, Շահ Ապպասի օրով, Նոր Ջուղայ կ’օժտուի եկեղեցիներով, դպրեվանքով եւ հասարակական շէնքերով: Շահ Ապպասի յաջորդներու օրով, Նոր Ջուղայի եւ Համատանի հայ բնակչութիւնը հարստահարութեան եւ հալածանքներու ենթարկուելուն պատճառով մեծ մասը կը գաղթեն Հնդկաստան եւ այլուր Պասրայի վրայով եւ մաս մըն ալ Պաղտատ: Փոքր մաս մը մինչեւ հիմա կը մնան Նոր Ջուղա պահելով իրենց Ջուղայեցիի հայ բարբառը եւ սովորութիւնները: Տես նաեւ Պասրայի Հայ Գաղութը «Պասրահայերու Կազմութիւնը»: Ուրեմն, Պաղտատի բնակչութեան կարեւոր մեկ մասը Պարսկաստանէն գաղթած ըլլալով՝ մեկ բեկորն է այն զանգուածային գաղութին զոր Պարսիկ թագաւոր Շահ Ապպաս Հայաստանէն բերած եւ տեղաւորած էր Պարսկաստանի զանազան կողմերը: Հետեւաբար, Համատանի հայութեան այս մասը Պաղտատ գաղթելով հետը բերած է Հայաստանի բարբառը եւ հայրենի սովորութիւնները ու աւանդութիւնը: Ապա եկած են Թրքահայերը՝ Տիգրանակերտեն, Սղերդեն, Ուրֆայեն, Ատանայէն եւ Իզմիրեն: Ամեն մեկը հետը բերած է իր գաւառաբարբառը, ժամանակի ընթացքին բարբառները ի մի ձուլուելով կազմուած է «բնիկ» կոչուող պաղտատցիներսու բարբառը, պաղտատցիի խօսած հայերենը` թէեւ երկար տարիներու ընթացքին միջավայրի ազդեցութեան տակ աղաւաղման ենթակայ եղած է, սակայն կը պահէ իր նախկին ձեւը եւ բնոյթը իբր մաս արեւելեան հայերեն բարբառին։ Հակառակ գաղութի փոքրութեան, «բնիկներ» կրցած են պահել մայրենի լեզուն ու այդ կղզիացեալ վիճակին մէջ: Գալով բարբառին, լեզուագիտութեան մեջ լեզուն ու ինքնութիւնը յայտնի է իրաքահայ բարբառ անունով, եւ տակաւին, քիչ թիւով, «բնիկ պաղտատցիներ» կը գործածեն: Իսկ Սղերդցիները, իրենց արաբախօս հանգամանքով կարելի է նկատել բնիկներ: