ԱՒԶՐՈՒԿԻ ՀԱՄԱՅՆՔ

Աշխարհագրական Դիրքը եւ Բնակչութիւնը

Աւզրուկ` Զախօյէն՝ 35 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ գիւղ մըն է Զախօ-Մուսուլ ճամբուն վրայ: Բնակչութիւնը կը բաղկանայ 50 քրտախօս հայ ընտանիքներէ:

Ակնարկ Աւզրուկ Հայաբնակ Գիւղի Մասին

Լեւոն Շահոյեան «Երբ Հրաշքները Կային» գիրքին էջ 138ի մեջ, 1969ին տուած այցելութեան մասին ունի հետեւեալ յիշատակութիւնը։ «Զախօյէն դէպի Մուսուլ դարձի ճանապարհին, ահա նաեւ մի անշուք գիւղակ` Աւզրուկ, զուտ հայաբնակ, մաքուր քրտախօս, բոլորն էլ: Կաւէ խեղճուկ խրճիթներ, ցրուած տափարակ բլուրներու կողքին, շրջապատուած հացահատիկի ընդարձակ դաշտերով: 30 Հայ ընտանիքներ, Երկրագործ եւ խաշնարած, նահապետական նախնական բարքերով»:

Աւզրուկ 20րդ Դարու Վերջերուն

21 Փետրուար 1999ին Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ Արքեպս. Ասատուրեան ընկերակցութեամբ կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պրն. Վահագն՝ Մեսրոպեանի եւ անդամ Պրն. Պարոյր Յակոբեանի` Զախօյեն վերադարձի ճամբուն վրայ հանդիպած են Աւզրուկ: Հետեւեալ մեջբերումը Առաջնորդարանի՝ Ս. Զատիկ 1999 հաղորդագրութենէն։

« Վերադարձի ճամբու վրայ, վարչականներ հանդիպած են Աւզրուկ հայկական գիւղը որ կը բաղկանայ ներկայիս 49 ընտանիքներէ, բոլորը՝ Հայ: Շրջանի բոլոր հողերը իրենց կը պատկանին։ Երեցները կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ սակայն Երիտասարդները մօտակայ քաղաքներու մէջ կը զբաղին զանազան արհեստներով: Գիւղը խիստ կարիքը ունի մշակի մը որ հայերեն դաստիարակութիւն տայ փոքրիկներուն եւ մատուռի մը իրենց հոգեւոր կարիքներուն համար: Տնտեսական վիճակը լաւ չէ որովհերեւ ցանքի վերաբերեալ մեքենաներ չունենալնուն պատճառաւ կ՚ընկերանան մեքենաներու սեփականա- տէրերու հետ ու ցանքի մեծ տոկոսը անոնց կը տրուի, իսկ մնացածը հազիւ իրենց ապրուստին բաւէ»: Ահա Աւզրուկի վիճակը 30 տարիներ ետք: