Skip to content
Երբ ազգային վարժարանները գոյութիւն ունէին, հայ չքաւոր եւ կարի- քաւոր աշակերտներուն դպրոցական թոշակներն եւ այլ կարիքները հոգալու նպատակով Պաղտատի մէջ 13 Ապրիլ 1961-ին, 37 հայ տիկիններ միանալով՝ հիմնած են միութիւն մը զայն կոչելով Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութիւն: Միութիւնը վաւերացուած է Ներքին Գործոց նախարարութեան կողմէ, թիւ Միմ. Ճիմ-496 եւ 22 Մարտ 1962 թուակիր նամակով։ Հիմնադրութենէն մօտ տասնհինգ տարիներու ընթացքին, միութիւնը իրագործած է նպատակը զանազան ձեռնարկներով: 1975-ին, երբ Իրաքի մէջ դպրոցները պետականացուեցան, այն նպատակը, որուն համար միութիւնը հիմնուած էր այլեւս չկար, պետութիւնը կը հոգար աշակերտներու բո- լոր դպրոցական կարիքները: Տիկնանցը կը գտնուէր նոր հանգրուանի մը առջեւ, պէտք էր լուծուէր, բայց Տիկնանցը պահելով օժանդակութեան սկզբունքն ու ոգին, սկսաւ զարկ տալ մշակութային-դաստիարակչական սկզբունքներուն: Հայ կնոջ ու անոր ընտանիքին եւ մանաւանդ անոր զաւակներուն, որոնք ստեղծուած նոր դրութեան մէջ կարիքը ունէին հայեցի դաս Տիարակութեան: Հետեւաբար, Տիկնանցը՝ գործունէութեան հունը ընդարձակելով ստեղծեց նոր սերունդի դաստիարակութեան միջոցներ: Նաեւ, 1985-էն ի վեր, Տիկնանցը յանձն առած է Կիրակնօրեայ Հաւաքը վարել, ուր 300-է աւելի մանուկներ կը ստանան կրօնա-ազգային դաստիարակութիւն: Բարեսիրական, կրթական ու մշակութային աշխատանքներու կողքին, Տիկնանցը շօշափելի ծառայութիւն մատուցած է նաեւ հայ կնոջ զանազան դասընթացքներու, դասախօսութիւններու, տարբեր ցուցահանդէսներու միջոցաւ, օրինակ՝ հայկական տարազներու, ձեռագործներու ինչպէս նաեւ կազմակերպելով գրական-գեղարուեստական երեկոներ յաւերժացնելու հայ մայրը: