Իրաքի Քրտական մարզի Տըհոք քաղաքին մէջ կ՚ապրին հայեր, առաջին համաշխարային պատերազմի օրերէն ի վեր: 2007-ին, առիթը կը ներկայանայ հողաշերտ մը ունենալու: Տըհոքի հայութեան ջանքերով եւ Իրաքի քրիստոնեաներու բա րեկամ Պրն․ Սարգիս Աղաջանի իշխանական նուիրատուութեամբ նոր եկեղեցի մը կը կառուցուի հայկական դասական ճարտարապետական ոճով։ Հիմնարկէքը տեղի կ’ունենայ 4 Մարտ 2007-ին: Օծումը կը կատարուի 2008-ի Սեպտեմբերի 5-ին, մասնակցութեամբ Եգիպտոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ` Տ․ Աչոտ եպս․ Մնացականեանի եւ Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ` Տ․ Արմաշ եպս․ Նալպանտեանի։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նորակառոյց եկեղեցին կ՚անուանէ «Ս. Ներսէս Շնորհալի», որուն ճարտարապետն ու ճարտարագէտն է Տըհոքի բնակիչներէն Պրն․ Երուանդ Էմինեան: Հողամասի ապահովման աշխատանքներուն իր կարեւոր դերը կ՚ունենայ Վարդգէս Սարգիսեան։

