Ս․ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑԻ

Ս. Կարապետ եկեղեցին կառուցուած է Պաղտատի Նորաշէն հայա- շատ թաղամասին մէջ, Մելինէ Դանիէլ Իսքէնտէրեան Ազգային Ծերանոցի շրջափակէն ներս, նպատակ ունենալով ծերանոցի բնակիչներուն եւ շրջանի հայ համայնքին եկեղեցական պահանջները գոհացնելու:

Ծերանոցի եւ եկեղեցւոյ բարերարուհին է Տիկ. Ռէճինէ Իսքէնտէրեանը:

Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նախագիծերու պատրաստութիւնը եւ շինա- րարական աշխատանքներուն հսկողը եղած է երկրաչափ՝ Իսմայիլ Շահի- նեան:

Հիմնարկէքը կատարուած է 1972-ին, եւ օծումը 11 Մայիս, 1973-ին, ձե- ռամբ թեմիս առաջնորդ Ասողիկ եպս. Ղազարեանի:

Ս. Կարապետ վանքէն ներս տեղի կ’ունենան քահանայից պատրաս- տութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմի (ՀԵԿ)-ի Ս. Գրոց եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասընթացքներ: Քահանայից քառամեայ դա- սընթացքը լրացնողներ կրօնական ասպարէզ կը մտնեն: Դասընթացքները կը շարունակուին:

Իսկ Հայ Եկեղեցասիրաց Կազմի նպատակն է հայ մանուկներու, պա- տանիներու եւ չափահասներու Ս. Գրոց դասընթացքներու միջոցաւ բոլորը կառչած պահել ազգայնա-եկեղեցական սրբութեանց ու մշակոյթին:

Վանքէն ներս մասնաւոր տեղի չգոյութեան պատճառով, նոյն շրջա- փակին մէջ եղող Ազգային Ծերանոցի շէնքին մէկ մասը առժամապէս, կ’օգ- տագործուի այս նպատակին համար: