Ներածական
Վասպուրականի գաղթականներ եւ ուրիշներ` Պագուպա Նահր Օմար փոխադրուած էին 1920ին: Նահր Օմար մնացողներ, բնակարաններ կը կառուցանեն, ջանալով հաշտուիլ տեղւոյն աննպաստ կլիմայի պայմաններուն` երբ ներգաղթի զանազան դիմումներ ապարդիւն կը մնան:
Ճարահատ, դիմումներ կը կատարուին Իրաքի Անգլիական բարձրագույն իշխանութեան ժողովուրդը Մուսուլի շրջանին մէջ տեղաւորելու համար: Այս ժողովուրդը, հողամշակներ ըլլալով կրնար ինքզինքը ապրեցնել, եթէ առիթը տրուէր:
Լեւոն Փաշայի Այցը Հիւսիս Տեղւոյն Վրայ Ուսումնասիրութիւն Կատարելու
Իշխանութիւնը սկզբնական հաւանութիւնը տալէ վերջ, կ’որոշուի Լեւոն Շաղոյեանը Պաղտատ մեկնի նախնական Պրն. ուսումնասիրութիւններու համար: Այդ օրերուն Պաղտատ կը գտնուէր «Կոմս»ը {Վահան Փափազեան}, ուստի միատեղ կ’երթան Մուսուլի շրջանը՝ յատկացուելիք՝ տեղերու մասին հարկ եղած տեղեկութիւններ քաղելու: Այս գիւղերը, Մուսուլ են դեպի հիւսիս 65 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Հաւրէզք, Թելճնապ, Կութծի Շքավրեկն էին: Պրն. Շաղոյեան կը տեսակցի նաեւ, այդ շրջանի մէջ տասնեակ տարիներ առաջ հաստատուած Վանի Արմշատ գիւղացիներու հետ: Պրն. Շաղոյեան կը վերադառնայ Նահր Օմար նպաստաւոր տեղեկութիւններով:
Համայնքային Կեանք
Երկար ձգձգումներէ վերջ առաջին կարաւանը կը մեկնի 1929 Հոկտեմբեր 18ին, կը յաջորդեն մնացեալները: Հաւրեզի մեջ, Լեւոն Փաշայի բացարձակ ղեկավարութեամբ, բնակութեան յարմարութիւնները լրացնելով, կարճ ժամանակի մէջ կը հիմնուի Հաւրեզք գիւղը, մինչ այդ Իրաքի կառավարութիւնը ցանքի հողաշերտեր կը բաժնէ բնակիչներուն տալով անոնց առանձնաշնորհումներ: Գիւղին գիւղապետը, իշխանը, դատաւորը եւ կառավարիչը ինքն Լեւոն Փաշան էր: Ան կը վայելէր Իրաքի կառավարութեան կատարեալ վստահութիւնը ու համակրանքը, նաեւ բարոյական աջակցութիւնը: Ոչ դատարան գոյութիւն ուներ եւ ոչ ալ զինուորական ոյժ: Փաշան միայն բացառիկ եւ դժուար պարագաներուն մէջ կը հարկադրուէր դիմել կառավարութեան:
Ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը հողագործներ եւ անասուններ պահողներ էին, որոնց կը շնորհուին կառավարութեան, Հ.Բ.Ը.Մ., Հայ Կարմիր Խաչի կողմէ լծկան կենդանիներ, կթան անասուններ, մշակելի հողեր ինչպէս ըսինք վերը: Հաւրէզքցիներ հողագործութենէ զատ կը զբաղին նաեւ արհեստով եւ մեղուաբծութեամբ: Սակայն այս աշխատանքներով գիւղացին ինքնաբաւ չըլլալուն, երիտասարդներ Մուսուլ կամ այլ քաղաքներ երթալով, աշխատանքէ խնայածնին կը ղրկեն իրենց ընտանիքներուն: