ՔԵՐՔՈՒԿԻ ՀԱՄԱՅՆՔ

Քէրքուկի Աշխարհագրական Դիրքը

Քերքուկ` ներկայ Իրաքի հիւսիսային չորս նահանգներէն մէկն է, բլուրներով շրջապատուած, պատմական քաղաք մը: Ըստ Georges Rouxի Ancient Iraq (Վաղեմի Իրաք), Ք.Ա. 770ական թուականներու իբրեւ ԱրրաՖայի յիշատակութիւնը կայ Աշուր-տան Գ.ի իշխանութեան շրջանին: Քրիստոնէութեան ծագում են յետոյ, Եդեսիոյ եկեղեցիէն ղրկուած քարոզիչներ՝ եռանդով տարածած են քրիստոնէութիւնը` ըստ Վարդան Մելքոնեանի (Գաղութահայ Տարեգիրք), Բ. տարի 1940, «409 Օգոստոս 26ին, 12-16 հազար քրիստոնեաներ «Վասն հաւատոյ» նահատակուած են Արրաֆայի մեջ։ 470ին այդ նահատակներու ի յիշատակ վանք մը կը շինուի Մար Թահմազկերտ անունով … դարերու

ընթացքին այս բլուրի վրայի Եկեղեցին հողին տակ կը թաղուի, հաւանաբար երկրաշարժի մը հետեւանքով: Յետագային նոյն տեղւոյն վրայ նոր եկեղեցի մը կը կառուցուի»:

Լենկ Թիմուրի արշաւանքներու ատեն (1336-1405) շրջանը հրոյ ճարակ եղած է մէջը ըլլալով եկեղեցին: Դարձեալ նոր մը կառուցուած է տեղը, որը ժամանակի ընթացքին զանազան նորոգութիւններու Ենթարկուած է եւ ցայսօր կանգուն կը մնայ, կը գտնուի Քէրքուկի հիւսիսային կողմը մօտ. 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Շրջանը կը կոչուի «Ղրմըզը Քիլիսէ» (Կարմիր Եկեղեցի), հոն տեղի ունեցած ջարդի յիշատակին:

Քաղդէացիներու գերեզմանատունն ալ այս եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս է: Առաջին պատերազմի գաղթականութեան ընթացքին՝ Քերքուկ մահացած հայերէն ոմանք թաղուած են այս գերեզմանատան մէջ:

Քերքուկ քաղաքը բաժնուած է երկու մասերու Գալ՚ա (բերդ) եւ Ղօրիա, դաշտային թաղամաս մը: Աւանդութեան մը համաձայն. Դանիել Մարգարեի գերեզմանը կը գտնուի Գալ՚այի մզկիթի մը մէջ, որը տեղացիներու բացառիկ յարգանքի առարկան եւ ուխտատեղին է:

Ըստ հայագէտ Հռ. Աճառեանի Հայ Գաղթ. Պամտ 19րդ դարու կէսերուն՝ «Քերքուկ գեղեցիկ եւ պտղաւէտ գիւղաքաղաք` 15,000 բնակչութեամբ (քիւրտ, տաճիկ, հայ, ասորի, քաղդէացի, հրեայ եւ արաբ. կայ 10 մզկիթ եւ ամեն մեկ քրիստոնեայ համայնքի համար մէկ եկեղեցի. հայոց թիւը հարիւրի չի հասնիր»:

Հայեր Քէրքուկի Մէջ

Ըստ մեր ուսումնասիրութեան, Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին ԺԹ.րդ՝ դարու կէսերէն սկսեալ Հայ Երիտասարդներ, որպէս պետական կարեւոր պաշտօնեաներ, ղրկուած են Քերքուկ` Կէսարիայէն, Անգարայէն եւ այլ վայրերէ իբրեւ դրամատան եւ նամակատան տնօրեններ, նաեւ հաշուապահական պաշտօնեաներ:

Այս Հայ Երիտասարդներ կտրուած ըլլալով հայկական այլ համայնքներէն, Քէրքուկ մնալով ամուսնացած են տեղացի քրիստոնեայ աղջիկներու հետ, հաստատուած հոն ու ձուլուած: Ասոնց շառաւիղներէն մինչեւ այսօր կը յիշուին ՍարաՖեան, Մինաս Եւ փօսթաճի ԵուսուՖ ընտանիքները, սակայն որպէս տեղացի քրիստոնեաներ որոնք գիտեն թէ ծագումով Հայ են: