ՍԲ․ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻ

1847-ին Պաղտատի թեմը Նոր Ջուղայէն անջատուելով` Պոլսոյ Պատրիարքության կապուելէն ետք, նոյն տարին առաջին առաջնորդը կը ղրկուի Տ. Մատթէոս Չուխաճեան պատրիարքի կողմէ` յանձինս Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Պոլսեցիի։

Հայր Սուրբի առաջին կարեւոր գործերէն մէկը կ’ըլլայ. 1852-ին Պաղտատի Շօրճա թաղամասի մէջ եկեղեցիի մը կառու- ցումը, զոր կը կոչեն՝ Ս. Երրորդութիւն՝ Եկեղեցի, առաջնորդարանի յարակից մասերով եւ ժամանակի ընթացքին մօտակայ շէնքեր աւելցնելով:

Այս եկեղեցին աւելի քան հարիւր տարիներ ծառայեց իբր հաւատքի եւ պաշտամունքի կեդրոն՝ հոգեւոր մխիթարութիւն շնորհելով պաղտատահայութեան։ Շրջանի ստորերկեայ ջուրերու մակերեսի բարձրացման պատճառով, կամարներուն մէջ ճեղքեր սկսան գոյանալ։ Պետական հրամանով շէնքի կառոյցը վտանգաւոր նկատուեցաւ։ Եկեղեցին գոցուեցաւ 1957-ի Ս. Ծննդեան պաշտամունքէն ետք։ Ապա, եկեղեցին խոնարհեցաւ։

Կալուածի մէկ մասը քաղաքապետութիւնը սեփականացուց ճամբայ բանալու համար, յարմար հատուցում մը կատարելով։ Եկեղեցւոյ կից կալուածին վրայ` Ազգ․ կեդրոնական Վարչութիւնը ազգապատկան հասութաբեր շէնք մը կառուցանեց:

Վերոյիշեալ վիճակին լուծում մը գտնելու մտադրութեամբ 1950ական թուականներէն արդէ արդէն Ազգային Իշխանութիւնը ծրագ- րեց եւ յարմար դատեց Պապ էլ Շարգիի -Արեւելեան Դուռ- ազգային գերեզմանատան կից ընդարձակ հողամասին վրայ կառուցանել նոր մեծ Մայր Եկեղեցի մը։

Եկեղեցւոյ յատակագիծերը պատրաստեց Պէյրութաբնակ ճարտարապետ, Եգիպտահայ Մարտիրոս Ալթունեան։ Հիմնարկէքը կատարուեցաւ 24 Նոյեմբեր 1954-ին ձեռամբ Տ. Ռուբէն Արք. Մա- նասեանի եւ կնքահայրութեամբ թեմիս մեծ բարերար Սիմոն Ղարիպեանի։

Յաւարտ կառուցման առաջին Սուրբ եւ Անմահ պատարագը մատուցուեցաւ 21 Ապրիլ 1957-ին, Ս. Զատկուայ տօնին օրը: Up. Սեղանի օծումը կատարեց օրուայ առաջնորդ` Հոգեշնորհ Տ. Զգօն Ծ.Վրդ. Տէր Յակոբեանը։ Իսկ Եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ 1978-ին ձեռամբ Տ. Յուսիկ Արք․ Սանթուրեանի, Լուսարարապետ, Մայր Տաճար Ս. Էջմիածնի, Երջանկայիշատակ նորին Սրբութիւն Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի Իրաքի թեմին տուած հայրապետական շնորհաբեր այցելութեան առթիւ:

Այս եկեղեցիի կառոյցը քաղաքապետութեան կողմէ նկատուած է, քաղաքիս նշանակելի եւ վեհաշուք շէնքերու շարքին, որը հայկական դասական ճարտարապետութեան հոյակապ նմոյշ մըն է։

Զբօսաշրջիկութեան տնօրէնութիւնը՝ հրատարակած ուղեցոյց գիրքին մէջ նշած է իբրեւ Պաղտատի առաջնակարգ տա- ճարը:

Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կառուցուած է նաեւ արդիա- կան Առաջնորդարանի դահլիճ մը, որը դարձեալ քրիստոնեայ համայնքներու ունեցածներէն առաջնագոյնը կը նկատուի. իբրեւ շէնք եւ կահաւորում:

Նորոգութիւններ, Բարեփոխութիւններ եւ Յաւելումներ Եկեղեցւոյ

Եկեղեցւոյ կառուցումէն աւելի քան քսան եւ հինգ տարիներ անց, 1980ական թուականներուն կարիքը կը զգացուէր հիմնական նորոգութիւններու եւ բարեփոխումներու: Նաեւ այս շրջանին եկեղեցի յաճախողներու թիւը զգալիօրէն աւելցած ըլլալուն հարկը կար որոշ յաւելումներու: Ուստի, այս աշխատանքները կատարելու համար, եկեղեցին գոցուեցաւ Յունիս-Դեկտեմբեր 1984ին: Ծախսերուն մասնակցեցան հաւատացեալներ առատաձեռն նուիրատուութիւններով:

Եկեղեցին վերաբացուեցաւ 1985h υ. Ծնունդի տօնակատարութիւններու առթիւ: Այս պատեհութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսի, 1978ին թեմիս տուած շնորհաբեր այցելութեան առթիւ նուիրած Ս. Սեղանի Աստուածամօր, Աւետման եւ Համբարձման սրբանկարներն ալ մասնաւոր հանդիսութեամբ՝ տեղերը դրուեցան:

Առաջնորդարանի Կառուցում

1964-1965ին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կառուցուած է նաեւ արդիական առաջնորդարանի դահլիճ մը, որը դարձեալ քրիստոնեայ համայնքներու ունեցածներէն առաջնագոյնը կը նկատուի, իբրեւ շէնք եւ կահաւորում՚: