ՊԱՍՐԱՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔ

Ներածական

Պասրան Իրաքի երրորդ մեծ քաղաքն է Պաղտատեն եւ Մուսուլէն եւ երկրի կարեւոր նաւահանգիստը: Հիմնուած է Մահմետականութիւնը Միջագետք մուտք գործելէ ետք Օմար Էլ Խատտապ Խալիֆայի օրով, Փրկչական 637ը թուականին: Շատտ Էլ Արապ, Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու միացած ընթացքն է: Այսօր Պասրան կը գտնուի Արաբական ծոցէն 67 քիլոմեթր դէպի հիւսիս եւ Պաղտատ մայրաքաղաքէն հեռաւորութեան վրայ: 550 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք հեռաւորութեան վրայ։

Տեղեկութիւններ Պասրայի Հայոց Գոյութեան Մասին

Պասրայի հայոց գոյութեան մասին մեզի հասած գրաւոր տեղեկութիւնները կը վերաբերին Արշակ Ալպօյաճեանի «Իրաքի Հայերը»ի՝ եւ այլ աղբիւրներէ քաղուած ծանօթութիւններուն:

«… Թաթար տիրապետութեան շրջանին, երբ քրիստոնէութիւնը կը տարածուեր անոնց մէջ, քրիստոնէութիւնը մուտք կը գործէ նաեւ Պասրայի մէջ եւ ԺԳ. դարուն հոգեւորական գրագէտներ Պասրան կը կոչէին «Պրեյթ Մեյշան», որ արամայերէն է եւ կը նշանակէ «քաղաք անտառի» եւ կամ «քաղաք փայտի»:

«1222ին Պասրայի թեմակալն էր բնիկ հայաստանցի Սողոմոն եպիսկոպոս հաւանօրէն քրիստոնեայ Թաթարները հովուելու պաշտօնով հոն հաստատուած»:

Դարձեալ, Արշակ Ալպօյաճեան իր Պատմութիւն Հայ Գաղթականութեան  գրիգին մէջ կը յիշէ «Յայտնի է որ Քրիստոնեաները Մոնկոլ իշխանութեան տակ շնորհ գտած եւ տարածուած են եւ նոյն իսկ- Մոնկոլ Խաներու մօտ, անոնց արքունիքին մէջ կ՚ապրէին Նեստորական քահանաներ, ինչպես նաեւ Հայ, Ասորի եւ Յոյն եկեղեցականներ»:

«Անոնք ազատօրէն կը քարոզէին եւ նոյն իսկ կը յաջողէին որոշ թիւով հաւատացեալներ շահիլ Մոնկոլներէն»: Իսկ Վարդան Մելքոնեան իր Historical Mesopotamia գիրքին մէջ տպուած 1922ին Պասրա կը գրէ «Այսպես, օրինակի համար կը յիշուի թե Քրիստոնեութիւնը շատոնց մուտք գտած էր Պասրայի մեջ, որ եպիսկոպոսական քաղաք էր, 1222ին Պասրայի թեմակալն էր Հայաստանցի Սողոմոն եպիսկոպոս»: Իսկ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի մէջ կայ հետեւեալը «Բասրայում հայ համայնքի գոյութեան մասին գրավոր տեղեկութիւնը վերաբերում է 1222ին, երբ քաղաքում եւ նրա շրջակայքում բնակվող թիւը հաշվի առնելով` այնտեղ հիմնվել է հոգեւոր թեմ»: Արշակ Ալպօյաճեան «Իրաքի Հայերը»ի էջ 98ի մեջ կը գրէ «. Մասնաւորապէս 1722ին, երբ ԱՖղանները գրաւեցին Սպահանը, Նոր Ջուղան բոլորովին դատարկուեցաւ եւ այս առթիւ ալ հեռացողներէն մաս մը Պասրա անցան»: Նկատի ունենալով վերոյիշեալ փաստերը եւ քաղաքի հիմնադրման թուականը, տրամաբանօրէն պիտի հանգիլ այն եզրակացութեան որ Պասրայի հայութեան պատմութիւնը աւելի հին է քան մեզ հասած գրաւոր տեղեկութիւնները: Պետք է կարծել որ Իրաքի այլ գաղութներու նման, Պասրահայ օճախը նույնպես քայքաուեր, հասեր է ոչնչացման եզրին եւ նորեն վերակենդանացեր այս երկիրը նուաճող Պարսիկներու, Սելճուկներու եւ Մոնկոլներու արշաւանքներէն յետոյ: