Պատմական Ակնարկ
Զախօ քաղաքը կը գտնուի Իրաքի հիւսիսային շրջանի մէջ՝ թրքական սահմանեն 10 քիլօմեթր հեռու, Խապուր գետի երկու ափերուն վրայ: Խապուր, Տիգրիսի օժանդակ գետերեն մեկն է` որուն կը միանայ: Քաղաքը սփռուած է դաշտային ցած հողի վրայ, ունի վատառողջ եւ խոնաւ կլիմայ: Զախօ, խոր անցեալի մեջ` Քրիստոսէ առաջ, գոյութիւն ունեցած է։ Անունը հին քաղդիերենե առնուած է որ կը նշանակէ «յաջող» կամ «յաղթական»:
Հայ Գաղութի Գոյութիւնը
Զախօյի մէջ հայ գաղութի ամենականուխ գոյութիւնը յիշուած է աշխարհաշրջիկ Ճօն Աշըրի «Ճամբորդական Նօթեր Լոնտոնէն Բերսաբոլիս» գիրքին մէջ։ (Բերսաբոլիս Պարսկաստանի նախկին մայրաքաղաքն է:) Հեղինակը այցելած է Զախօ 1865ին, գիրքի էջ 389ի մէջ կը գրէ «Զախօյի բնակչութիւնը բաղկացած էր Քիւրտերէ, Քաղդէացիներէ եւ Հայերէ, վերջինները` այսինքն Հայերը, ընդհանրապէս խանութպաններ էին»: Քա՞նի Հայ ընտանիք ըլլալը չյիշեր: չյիշ Իսկ մեր ձեռքի տակ ունեցած հայկական աղբիւրներու մէջ, այդ թուականին, հայերու գոյութեան յիշատակութիւնը չգտանք: Խմբ. Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն Զախօյի մէջ 1895-1896ի կոտորածէն առաջ 4-5 տուն հայեր կային:
Ծանօթ. Մուսուլի հոգեւոր հովիւ Տ. Գարեգին Քհնյ. Յովսէփեան ծնած է Զախօ 1928ին, եւ մկրտուած` ձեռամբ Տ. Գրիգոր Քհնյ. Տէր Յակոբեանի 1 Ապրիլին Զախօյի մեջ: Տէ հայրը կը վկայէ, թե մօրմէ լսած է, որ 1895են առաջ Զախօյի մեջ հայ ընտանիքներ կային որոնք հրեաներու (հարուստներու) թաղը կը բնակէին: Կոտորածեն ետք ասոնց թիւը- շատնայ մօտ 100 ընտանիքի, մօտակայ շրջաններեն հաստատուելովը քրտախօս հայ ընտանիքներու՝ Տըհէ եւ Շարնախ գիւղաքաղաքներեն: Ըստ պատմագետ Տօքթ. Գ. Ասարճեանի «Յետադարձ Ակնարկ Կեանքի մը» գիրքի էջ 125ի «Թէեւ Շարնախ Տիգրանակերտի ենթակայ գաւառ մըն է, սակայն Զախօյի հետ առեւտրական մշտատեւ յարաբերութիւն մը ունենալուն հետեւանքով՝ երթեւեկը անընդհատ էր»: Ուներ մօտ 30 քրտախօս հայ բնակչութիւն: Զախօ կու գան նաեւ Սղերդեն՝ արաբախօս հայեր: Բոլորն ալ առաջին հերթին կը հաւաքուին Զախօյի Քէսթա կոչուած վայրը, որ հետզհետէ կը դառնայ հայկական թաղամաս մը: Սղերդցի արաբախօս հայերու մեծ մասը կ’երթան Մուսուլ հաստատուիլ: Սղերդցիներ մինչեւ օրս կը պահեն իրենց արաբերեն լեզուն: