Իրաքի մէջ հաստատուած էր դեռեւս 1911 թուականին բնիկ պաղտա- տահայ ազգայիններու կողմէն ի դէմս Գառնիկ Գույումճեանի, Դաւիթ Թադէոսեանի եւ Յակոբ Ստեփանեանի, որոնց ջանքերով Միութեան կ’անդամագրուին 41 պաղտատահայեր: Նոյն տարին կը գումարուի առաջին ժողովը: Յունուար 1, 1913 թուականին, իբր խորհրդականներ կ’աւելնան Տիարք Գալուստ եւ Խոսրով Գույումճեանները: Առաջին Աշխարհամարտի համատարած վախի ու սարսափի տարիներուն Միութիւնը կը դադրի գործունէութենէ մանաւանդ երբ Միութեան անդամներէն կը ձերբակալուին, կ’աքսորուին եւ կը նահատակուին: Իսկ Միութեան ատենապետ՝ Յակոբ Ներսէսեանը, ազատ արձակուելէն եւ Պաղտատ վերադառնալէն ետք, կրկին կը ձերբա կալուի, կ’աքսորուի անյայտ ուղղութեամբ եւ կը նահատակուի: Յետ պատերազմի կը վերակազմուի միութիւնը, որուն նախաձեռնակ կ’ըլլայ Փառէն ծ. վրդ. Մելքոնեան 7 Հոկտեմբեր 1917-ին։ Միութեան գործունէութեան մասին՝ յիշատակութեան արժանի է 1936- ին, օրուայ ազգային իշխանութեան հետ համաձայնութեամբ, Կիչանի Քէմբի նախակրթարանը տաս տարուան պայմանաժամով կառավարելը ստանձնելը, եւ զայն կոչելը Սվաճեան վարժարան, ի յիշարակ մեծ դաստիարակ Միհրան Հ. Սվաճեանի: Պայմանաժամի վերջաւորութեան դպրոցի մատակարարութիւնը կը փոխանցուի Ազգային իշխանութեան: Յաջորդական տարիներուն որոշ դադարումներով Միութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքը: 1959-ին յարմարելու համար տեղական պայման- ներուն, Միութիւնը կը վերակազմուի իբրեւ Իրաքի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն: Մինչեւ 1974 թուական, Միութիւնը ամէն տարի կ’որդեգրէր 80-100 չքաւոր աշակերտներ, սատար կը հանդիսանար Իրաքի մէջ գտնուող բոլոր ազգային դպրոցներուն: Իր նիւթական օժանդակութիւնը՝ չէր սամանափա- կուեր իրաքահայ գաղութին մէջ ծաւալուող տարատեսակ՝ կազմակերպութիւններուն օգնութեան ձեռք մեկնելով, այլ այն կը ներառէր նաեւ Իրաքի տեղական բարեսիրական հաստատութեանց, Կարմիր Մահիկին, Հաշմանդամներու եւ Խեղանդամաւորներու Խնամակալ Մարմինին, Աղքատախնամին, Կուրանոցին, Ծերանոսցին, Թոքախտանոցին եւայլն: Բաւական է նշել, որ 1960-1975 տարիներու ընթացքին, Միութիւնը՝ Իրաքի հայկական դպրոցներուն, բարեսիրական հաստատութեանց եւ նմանօրինակ նպատակներու համար, նուիրած է աւելի քան քսան հազար իրաքեան տինար, որ այդ ժամանակ պատկառելի գումար մըն էր”: 1978-ին, Միութիւնը մեծ բարերարուհի Ռէճինէ Կարապետ Իսքէնտէրեանի կտակին համաձայն տրամադրած հողամասին վրայ՝ կը կառուցէ ակումբը եւ ապա լողաւազանը: Ներկայ գործունէութեան հունէն ներս ունին հայերէնի դասընթացքներ (չափահասներու եւ մանուկներու), երգի ու պարի համոյթ, դասախօսութիւններու շարք, մարզական եւ սկաուտական բաժիններ, չքաւորներու օժանդակութիւն։ Իր գործունէութիւնը իրագործելու համարունի զանազան ենթայանձնախումբեր: Իրաքի մէջ հիմնադրութեան 75ամեակը տօնուեցաւ մեծ շուքով 1986-ին: Այս առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. հեռագիրով մը շնորհաւորեց առիթը: Նաեւ հիմնադրութեան 90 ամեակին առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. յղեց՝ իր Օրհնութեան Գիրը, համար 118, 23 Սեպտ. 2000 թուակիր:
– Սայաթ Նովա Երգի Պարի Խումբ
Իրաքի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանիին ներքոյ կը գործէ «Սայաթ Նովա» երգի պարի խումբը՝ հիմնադրուած 1965 թուականին: Բազմիցս ելոյթ ունեցած է ինչպէս Բարեգործականի, նմանապէս տեղական ակումբներուն մէջ: 1973 թուականին, Մոսկուայի մէջ մասնակցած է Արուեստից փառատօնին, նաեւ Բաբելոնի ամէնամեայ փառատօնին 1992 թուականին: 1968 թուականին, Իրաքի Ազգային ԷլԽուլդ համերգասրահին մէջ, շատ յաջող ելոյթներ ունեցած է՝ ներկայացնելով հայկական ժողովրդական, նաեւ տեղական պարեր եւ երգեր”: 2000 թուականին, անդամներու ընդհանուր թիւը մօտաւորապէս 1200 էր եւ ցայսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը:
Նահատակ Օհան Մարզական Միութիւն
Իրաքի Հայկական Բարեգործական Միութիւնը, մարզական պաշտօ- նական խումբեր ունենալու եւ նման աշխատանքները քաջալերելու եւ խրախուսելու համար, հիմնեց Նահատակ Օհան Մարզական Միութիւնը, որ վաւերացուեցաւ պետութենէն Ա-21-719 եւ 13 Փետրուար 2000 թուակիր նամակով: Բարեգործականի անպաշտօն խումբերը եւ ունեցած սկաուտական յանձնախումբը փոխադրուեցան Նահատակ Օհան Մարզական Միութեան հովանիին տակ:
Միութիւնը ունի տղոց պասքէթպոլիի, գարաթէի, աղջիկներու բարձ- րագնդակի (վոլի պոլ)ի, երկսեռ սեղանագնդակի (փինկ-փոնկ)ի, թէնիսի եւ լողարշաւի խումբեր: Իսկ սկաուտական յանձնախումբը` 9 խումբերէ կազմուած, ունի 200է աւելի անդամակցողներ: