ՄՈՒՍՈՒԼԻ ՀԱՄԱՅՆՔ

Աշխարհագրական Դիրքը

Նինուէ՝ հիւսիսային Իրաքի չորս նահանգներեն մեկն է։ Սահմաններն են` հիւսիսեն Թիւրքիան եւ արեւմուտքէն՝ Սուրիան: Նահանգի կեդրոնն է Մուսուլ որ Իրաքի Երկրորդ ամենամեծ քաղաքն է ներկայիս:

Մուսուլ` պատմական հին ասորական Նինուէ քաղաքի դիմացի կողմը՝ Տիգրիս գետի աջ ափին է, հիմնուած հին ժամանակների մնացած փոքր գաղթավայրերու միացումով: Ըրդ դարուն հիւսիսային Իրաքի կարեւորագույն քաղաքն էր արդեն, եւ մնաց այդպես մինչեւ 1258 երբ Մոնկոլներու արշաւանքի իշխան, Հուլակու գրաւեց եւ քանդեց քաղաքը: Անկե վերջ մինչեւ 1508 կարեւոր կառավարութիւն մը չկար: Կարճ ժամանակ մը Պարսիկներ գրաւեցին, ապա սկսաւ Օսմանեան տիրապետութիւնը 1638ին որ տեւեց չորս դարեր:

Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին, Մուսուլ վաճառականական կարեւոր կեդրոն մը դարձաւ: Յետ առաջին ընդհանուր պատերազմի` կորսնցուց իր կարեւորութիւնը, անջատուած ըլլալով դրացի երկիրներեն:

Բնակչութիւն

Մուսուլի բնակչութիւնը` մեծաւ մասամբ կը բաղկանայ Իսլամ արաբներէ, կան քրիստոնեաներ որոնց մեջ ասորի օրթոտոքսներ {Յակոբիկեան} եւ Քաղդեացիներ մեծամասնութիւն կը կազմեն, կան նաեւ 2 Նեստորականներ: Մուսուլի մօտակայ գիւղեր կան որոնց բնակչութիւնը քրիստոնեաներէ կը բաղկանայ:

Մուսուլի արուարձաններեն մեկը` Նեպի Եունուս՚ թաղի բնակչութիւնը թիւրքմեններ են որոնք մինչեւ օրս պահած են իրենց լեզուն:

Պատմական Ակնարկ

Պատմութեան մէջ Մուսուլ կարեւոր դիրք մը ունեցած ըլլալուն մասին Արաբ աշխարհագիր Եագութի հետեւեալ վկայութիւնը կ՚ընէ Իրաքի դուռը, Խորասանի բանալին եւ Ատրպատականի հաղորդակցութեան ճամբան» կը կազմէր, եւ մեծ քաղաք մըն էր, Տիգրիսի վրայ կառուցուած:

Հայ Գաղութի Գոյութիւնը Մուսուլի Մէջ

Օտար Ուղեւորներու Վկայութիւններէն —

Դարեր առաջ հիւսիսային Իրաքի այս պատմական քաղաքը յաճախ այցելած են օտար զբօսաշրջիկներ եւ ուղեւորներ: Հաւանաբար ասոր առիթ տուող պատճառներէն են՝ պատմական Նինուէն եւ վերջին ժամանակներու Տօմինիկեան հայրերու կեդրոնատեղի վանքին հոն ըլլալը: Ինչպէս նաեւ ժամանակ մը Իրաքի Պապական դեսպանի կեդրոնը Մուսուլ էր: