Մուսուլի Ս․ Էջմիածին Եկեղեցի Մուսուլի Ս. Էջմիածին եկեղեցին կառուցուած է 1856-ին, օրուան Առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Ծ. վրդ. Կոստանդնուպոլսեցիի ջանքերով։ Այս եկեղեցին նորոգութիւններու ենթարկուած է զանազան շրջաններու, վերջինը` 1968-ին, սակայն կա ռոյցին` հին ըլլալը, նեղ փողոցի մէջ գտնուիլը, եւ այլ պատճառներ, զայն անյարմար ըրած էին ծէսեր կատարելու։ Հետեւաբար, որոշում կայացած էր նոր եկեղեցի մը կառուցել Մուսուլի արդի շրջաններէն մէկուն մէջ։ Համագործակցաբար Ազգային կեդրոնական վարչութեան եւ Մուսուլի հոգեւոր հովիւին ու Թաղականութեան` Սրբազան Հայրը հսկեց հողաշերտի մը ապահովման օրինական աշխատանքներուն, եկեղեցւոյ կառուցման արտօնութեան ձեռքբերման, ինչպէս նաեւ չինարարական աշխատանքներու համար դրամի հայթայթման գործընթացին: Մօտաւորապէս 15 երկարատեւ տարիներու ջանքերէ ետք, Իրաքահայ թեմը կրցաւ ձեռք ձգել Մուսուլ քաղաքին մէջ նոր եկեղեցի մը կառուցելու արտօնութիւնը: Մուսուլի Հոգեւոր Հովիւ լուսահոգի Տ․ Գարեգին աւագ քհնյ․ Յովսէփեանը, ընկերակցութեամբ այդ օրերու Մուսուլ քաղաքի թաղականութեան անդամ՝ Պրն․ Շանթ Մուրատեանին, այցելեցին Հոլանտա եւ Պելճիքա, ուր մեծ թիւով իրաքահայ գաղթականներ կ՚ապրին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա, նուիրատուութիւններ հաւաքելու։ Լուսահոգի Տէր Հայրը Մուսուլի եւ հիւսիսային շրջանի մէջ բնակող հայերէն եւս կոկիկ գումարներ հայթայթեց եկեղեցւոյ կառուցման համար: Ազգային բարերար Զոհրապ Շահին Գրիգորեան իչխանական նուիրատուութեամբ յանձն առաւ պակսած գումարը ամբողջացնելու եւ եկեղեցւոյ կառոյցը աւարտելու։ Մեր ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, բնաւ չէ խնայած իր ազնիւ ու սրտաբուխ լուման ներդնելու ազգապատկան հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային օճախներ ունենալու: Այս առնչութեամբ արժանի է յիշատակել դէպք մը: Նպաստընկալ անկար ծեր կին մը Մուսուլի քահանային կը դիմէ դժգոհելով թէ ինչո՞ւ իր դուռը չեն թակած հանգանակութեան ատեն ու չեն առած իր համեստ նուիրատուութիւնը։ Սրբազան Հայրը յաւերժացուցած է այս դէպքը իր քարոզներուն եւ զանազան առիթներով իր ելոյթներուն մէջ` այդ խոնարհ ու պարկեշտ կնոջ լուման համարելով, որպէս աստուածային օրհնութիւնը այս կալուածին կառուցման։ Եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կը կատարուի 26 Ապրիլ 2001-ին եւ չինարարական աչխատանքները կ’աւարտին 2004 թուականին։ Ամբողջացած էին նաեւ ներքին յարդարանքներն ու բարեզարդումը, որոնց պիտի յաջորդէր օծումը: Սակայն նորակառոյց եկեղեցին 2004-ի Դեկտ․ 7-ին թիրախ կը դառնայ ծայրայեղական իսլա- միստներու, ծանր վնասներ կրելով, յատկապէս եկեղեցւոյ արտաքին մասը, իսկ յաջորդ օրը կ՚ենթարկուի կողոպուտի ու թալանի։ Յետ Սրբազան Հօր նախկին վարչապետին կատարած այցին եւ դիմումին, կառավարութիւնը կը համաձայնի Հատուցում ընել եկեղեցին վերանորոգելու համար։ Սրբազան Հայրը անձամբ կ՚այցելէ նախկին նախագահ Ճալալ Թալապանիին եւ այդ օրերու վարչապետ Իպրահիմ Ալ Ճաաֆէրիին, հայցելով անոնց բարոյական Հեղինակութիւնը վերանորոգման գործին։ Վնասուց հատուցում վճարելու պաչտօնական գիրը արդէն առաջնորդարանիս ձեռքն է, իսկ վերանորոգման աշխատանքները կը սկսին, երբ երկրի ապահովութեան հարցը բարելաւուի։ Ցաւալի է յիչատակել, որ Մուսուլ քաղաքը ամբողջապէս կ՚իյնայ այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութիւն» (Ի․Պ․) տիրապետութեան տակ Յունիս 10, 2014- ին։ Մուսուլ քաղաքը եղած է Քրիստոնէութեան հնագոյն օրրաններէն մէկը, եւ առաջին անգամն է 2000 տարիներու ընթացքին, որ Մուսուլը կը պարպուի իր քրիստոնեայ բնակիչներէն ընդ որում եւ Հայերէն։ Կը տեղեկանանք, որ Ս․ Էջմիածին եկեղեցին այս օրերուն կը չարաչաՀուի որպէս բանտ Ի.Պ-ի կալանաւորներուն։ Մուսուլի արդէն նօսրացած հայութիւնը՝ պարտադրաբար, ետին թողած անձնական սեփականութիւնն ու ազգային հարստութիւնը՝ կը տարտղնի Իրաքի քրտական մարզին մէջ: Առաջնորդարանս զանազան այցերով նիւթական օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ տարագրեալ ընտանիքներուն։ Տխուր իրավիճակ:




