Մեյտանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին հիմնուած է 1638-1640 թուականներուն Պաղտատի Հայ համայնքի կողմէ: Պաղտատա- հայութիւնը՝ սակաւաթիւ ըլլալուն, քանիցս կռուի առարկայ եղած է Հայերու եւ քրիստոնեայ ազգերու միջեւ: Յիշենք ասոնցմէ մէկը, 1802 թուականին Նեստորականներ կրկին դատ կը բանան Հայ համայնքի դէմ որպէս թէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին իրենց կը պատկանի: Դատավարութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ իրենց՝ Նեստորականներուն, պատկանելիութեան ցույց տուած հրովարտակ- արտօնագիրը, յետ քննութեան դատարանը կը հաստատէ զեղծ ըլլալը: Իսկ Հայոց ցոյց տուած հրովարտակը վաւերական գտնելով եկեղեցին կը մնայ Հայոց սեփականութիւն:
Այս դատավարութեան մանրամասնութեանց պիտի անդրադառնանք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժամանակագրական հերթական պատմութեան մէջ, «Նեստորականներ Վերստին Դատ Կը Բանան» պարբերութեան մէջ։ Դա Դատավճիռի Օսմաներեն բնագրի լուսանկարը, արաբերենի թարգմանութիւնը` վաւերացուած նօտարէն եւ Հայերեն ամփոփումը կը հրատարակենք Յաւելուածներու բաժնին մէջ: Կան տեղացի կարգ մը քրիստոնեայ համայնքեր որոնք կը յաւակնին ըսելու թէ եկեղեցին Օսմանցիներ Պաղտատը գրաւելէն առաջ գոյութիւն ունէր: Նոյն իսկ կան արտայայտութիւններ որպէս թէ Կէօք Նազար նեստորներու պատկանող, փլատակ եկեղեցիի հողամաս մը գնած է եւ անոր վրայ կառուցած է Ս. Աստուածածին Եկեղեցին: Վերոյիշեալը հաստատելու համար, կը յիշատակենք հետեղեալ լուսաբանումը եւ Իրաքեան պետութեան հաստատումը եկեղեցւոյ կալուածի պատկանելիութեան մասին. 1921 թուականին, Իրաքի կառավարութեան կազմուելէն ետք, սոյն եկեղեցւոյ կալուածին «Թափուի Սէնէտ» մը տրուելու մասին, Առաջնորդա րանի դիմումին վրայ, թափուի տնօրէնութիւնը կը հաստատէ՝ թէ կալուածը արձանգրուած է իրենց տոմարներուն մէջ, իբրեւ «Վագըֆ» հայոց ազգին, ի մտի ունենալով այն փաստը, որ նախապէս «Վագըֆ» եղած կալուածներուն թափուի սէնէտ չէր տրուեր: Բայց եւ այնպէս, պետութիւնը Առաջնորդարա նի դիմումին ընթացք կու տայ, տեղոյն վրայ քննութիւն մը կը կատարէ, որ կը հաստատէ կալուածի հայոց ազգին պատկանիլը՝ Առաջնորդի «Թաւլիէ»ի (խնամատարութեան) տակ: Պետութիւնը՝ առաւել եւս հաստատելու համար եկեղեցւոյ եւ անոր կից խանութներու պատկանելիութիւնը, յայտարարութիւններ կը հրատա րակէ հետեւեալ թերթերուն մէջ.
1-Պետական պաշտօնաթերթ «Վակա՛ էլ Իրակիլը»ի մէ الوقائع العراقية 17 to 27 Մարտ ու 3 Ապրիլ եւ թիւ 40, 44, 48ի մէջ։
2-Նոյն յայտարարութիւնը հրատարակուած է նաեւ «Ալ-Ասիմա» ins Le թերթի 16 եւ 27 Մարտ, 6 Ապրիլ 1923, եւ թիւ 114, 123 ու 132ի մէջ, հրաւիրելով հակափաստարկ ունեցող անձանց 30 օրուան ընթացքին ներ- կայանալ Պաղտատի Թափուի տնօրէնութեան: «Վակա’ էլ-Իրակիյը»ի յայ- տարարութեան լուսատիպ օրինակը կը հրատարակենք՝ Յաւելուածներու բաժինին մէջ:
Պայմանաժամի վերջաւորութեան հակադրուող չներկայանալուն, Թափուի տնօրէնութիւնը՝ 12 Սեպտեմբեր 1923 թուակիր «Սէնէտ» մը կը հրատարակէ, որ կը պարունակէ վերոյիշեալ՝ տուեալները: Այս պետական պաշտօնական փաստաթուղթին համաձայն` եկեղեցին հիմնարկութենէն ի վեր կը պատկանի հայ համայնքին:
«Զաւէն Արքեպս. Տէր Եղիայեան կը պատմէ թե, իր պատանեկութեանը քահանայ հօր հետ հոն ապրելուն, առիթը ունեցած է կարդալու Աւետեան անուն {Այս անձի մասին ներկայ բնիկ պաղտատահայերեն տեղեկութիւն՝ չկրցանք քաղել (Խմգ)} բնիկի մը ձեռագիր տետրը՝ որ կը պարունակեր Պաղտատի Հայ գաղութին կեանքէն հին ու նոր յուշեր: Ըստ Աւետեանի տեղեկութեան Սուլթան Մուրատը իր բանակին մէջ ունէր ԿԷՕՔ ՆԱԶԱՐ անուն զօրապետ մը որ պաշարման տագնապալից օրերուն` կը ձուլէ հսկայ թնդանօթ մը, եւ անով քանդելով պարիսպը` կ՚ապահովէ քաղաքի արագ գրաւումը: Ոչ մեկ Հայ կար հոն` երբ Թուրք բանակը կը խուժե ներս, սուրէ անցնելով Նեստորական քաղդէացիները՝ իբր պարսկահպատակ:
«Սուլթանը յետոյ կ՚ուզէ վարձատրել Կէօք Նազարը: «Տէր արքայ, կը պատասխանէ վերջինը, ամէն ուր որ եղած է Օսմանեան տիրապետութիւնը, հաւատարիմ հայերս բարօրութիւն գտած ենք միշտ, կը խնդրեմ որ մեզի եկեղեցի մը եւ գերրեզմանոց մը շնորհէք Ձեր օրհնեալ զէնքովը նուաճած այս քաղաքին մէջ»: Վեհապետը իսկոյն կը գոհացնէ իր մարտընտիր հայ զօրականին բաղձանքը, հետզհետէ եկուոր եւ առանձին գաղութ կազմող Հայոց նուիրելով նաեւ ժամուն շուրջի ամբողջ թադը՝ որ այդ թուականէն {1638} ցայսօր «Կէօք Նազար» կը կոչուի: Գերեզմանոցը մօտաւոր անցեալին մէջ կառավարութեան կողմէ գրաւուելով զօրանոցի կը վերածուի»:
Մէյտանի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հիմնապես Նորոգութիւն 1965-1971
Հնադարեան այս եկեղեցւոյ կառոյցը անփառունակ վիճակ մը ստացած էր 20րդ դարու առաջին քառորդին: Իսկ եկեղեցւոյ հին փոքր բակին մէջ թաղուած քանի մը պաղտատահայերու շիրմաքարերու վրայի գրութիւնները անընթերնելի դարձած էին: Բայց, 1960-ական թուականներէն նորոգութեան կարիքը անհրաժեշտութիւն մը եւ անյետաձգելի պարտադրանք մըն էր: Օրուան Առաջնորդի եւ ազգային իշխանութեան մտահոգութեան առարկան դարձած էր: Ազգային բարերար Պրն. Արամ Ղարիպեան բարեկամական խողովակներէ տեղեկանալով հարցին, ազնիւօրէն պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ բոլոր նորոգութիւնը կատարել իր անձնական ծախսովը նաեւ հարկ եղած յատակագիծները պատրաստել տալը: Երկրաչափներ, երբ սկսան մասնաւոր քննութիւններ կատարել. երեւան ելաւ որ խոնաւութիւնը պատերը սկսած է քանդել: Ճիշդ է որ յետ նորոգութեան մը կրնայ քանի մը տարի եւս դիմանալ ու կրել նոր տանիք մը, սակայն խոնաւութիւնը աստիճանաբար պատերուն մէջէն վեր կը բարձրանայ, ասիկա կեցնել անկարելի է քանի որ պատերուն մէջը հողով լեցուած է, կայ նաեւ մաս մը աղիւսի կտըրտանք: Ընդհանուր տեսակետը այն էր որ հիմեն նոր մը շինուի: Օրուան առաջնորդն ու ազգային իշխանութեան անդամներ եւս միաձայնութեամբ՝ հաստատեցին: Պրն. Ղարիպեան եւս համաձայն գտնուեցաւ ճարտարապետներու առաջարկին ու ընդհանուր ծախսը յանձն առաւ: Առաջարկուեցաւ որ Հայ ճարտարապետներ հրաւիրուին որպեսզի Եկեղեցիի ներքին՝ յատակագիծները պատրաստեն նշանակելով հնութիւն ներկայացնող մասերու տեղերը, որպեսզի, յետ հիմնովին նորոգութեան ատոնք կրկին տեղերը զետեղուին, մասնաւորապէս Քառասուն Մանկանց Մասունքները: Մանրամասնութիւնը պիտի յիշատակենք Եկեղեցւոյ բացման եւ օծման բաժինին մէջ: Այս միջոցին նկատի առնուեցաւ որ եկեղեցիի տանիքը անյարիր է Հայ եկեղեցիներու ոճին, ան կը նմանէր՝ արեւելեան բաղնիքներու տանիքներուն: Որոշուեցաւ սրբագրել տանիքի ձեւը:
Վերաշինութեան ընթացքին, որպէս զի հաւատացեալներ եւ բարեպաշտներ չզրկուին այս սրբավայրը այցելելէ, եկեղեցւոյ կից սենեակներէն մէկուն մէջ զետեղուեցան սրբանկարներ, այս ձեւով ըստ սովորականի հոծ բազմութիւն մը կ՚այցելեր ու իր աղօթքն ու պաշտամունքը կը կատարէր:
Բացման ու Օծման Արարողութիւնը
Ուրբաթ 26 Նոյեմբեր 1971-ին կատարուեցաւ եկեղեցւոյ բացման եւ օծման արարողութիւնը: Հանրապետութեան նախագահի բարեհաճ հովանաւորութիւնը ապահովուած էր, ներկայ եղաւ ներքին գործոց փոխ նախարար՝ Համիտ՝ Ալ Անի: Հանդիսութեան ներկայ էին պետական զանազան բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, քոյր համայնքապետներ ու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ նաեւ հոծ բազմութիւն մը:
Օրուան Առաջնորդ Գերշհ. Տ. Ասողիկ Եպս. Ղազարեան նախքան օծումը արտասանեց պատշաճ քարոզ մը։
Համալիրի Բացում
Շինարարութեան աւարտին, բացումը կատարուեցաւ U. Աստուածածնայ աւետման տօնին առթիւ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մեջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագեն յետոյ 7 Ապրիլ 2002 ժամը 5ին կ. ե. ձեռամբ թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի եւ ի ներկայութեան Ազգ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, առաջնորդարանին առընթեր յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, թեմիս կարգ մը ազգայիններու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը:



