Զախօ կը գտնուի Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ, թրքական սահմա- նէն 10 քիլոմեթր հեռու: 1895-1896ի կոտորածէն առաջ, 4-5 տուն հայ բնակչութիւն ունեցած է, անկէ վերջ Թուրքիոյ մօտակայ գիւղերէն հայերու գաղթով՝ թիւը կը բարձրանայ 100 ընտանիքի: Մեծամասնութիւնը բնակութիւն կը հաստատեն Վարի Քէսթա կոչուած թաղամասին մէջ, ուր 1926-ին կը կառուցեն աղօթատեղի մը, որ թէեւ ներկայիս գործածութեան մէջ չէ, սակայն կը մնայ կանգուն: 1932-ին, առաջին հողաշէն եկեղեցին, Ս. Աստուածածին, կը կառուց ուի Վերի Քէսթա կոչուած թաղին մէջ, Աբրահամ քահանայի հովուութեան շրջանին: Յետագային 1960ական թուականներուն, կ’որոշուի այս եկեղեցին վերաշինել աւելի ընդարձակ ու հիմնական կառոյցով: Վերաշինութեան կ’օժանդակեն Պաղտատի ազգային իշխանութիւնը, Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը եւ մաս մը բարեսէր ազգայիններ Իրաքի հայաշատ շրջաններէն՝ Պաղտատէն, Մուսուլէն, Քէրքուկէն եւ Պասրայէն: