Քերքուկ հիւսիսային Իրաքի չորս նահանգներեն մեկն է, Պաղտատեն 255 քիլոմեթր հիւսիս, Իրաքի նաւթահորերու կեդրոնին մեջ: Առաջին հողակերտ աղօթատեղին կառուցուած է 1932ին, «Ղօրիա» կոչուած հայաշատ թաղամասին մեջ, Մեսրոպ Քհնյ. Օրջանեանի հոգեւոր հովութեան շրջանին:
Վերոյիշեալի կից ազգապատկան հողամասի մը վրայ նոր եկեղեցիի մը՝ հիմնարկեքը կը կատարուի 25 Մայիս 1952ին ձեռամբ Արշաւիր Քհնյ. Սեւտալեանի: 1956ին վեմքարի օծումը կը կատարե թեմիս առաջնորդ հոգեշնորհ Տ. Զo ծ. վրդ. Տէր Յակոբեանը զոր կը կոչեն Ս. Աստուածածին ու պաշտամունքը կը սկսի այդ եկեղեցւոյ մէջ: 1997-1998ին հիմնական նորոգութիւններ կատարուեցան: Եկեղեցին կառուցման թուականէն չէր օծուած: Թեմիս առաջնորդ Աւագ Արք. Ասատուրեանի Քերքուկ տուած հովուական այցելութեան ընթացքին, ուրբաթ 18 Յունիս 1998ին, կատարեց նորոճալ եկեղեցւոյ եւ նորակառույց Ս. Սեղանի օծումը:
Ժամանակի ընթացքին, հայերու թիւը նուազեցաւ «Ղօրիա» թաղամասին մէջ, հայեր աւելի վայելուչ թաղերու մեջ սեփական բնակարաններ կառուցանելով հոն փոխադրուեցան:
Թաղականութիւնը՝ վիճակը կը ներկայացնէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան, որը նաւթային ընկերութեան բաժնետերերէն է: Հաստատութիւնը կ’ընդառաջ է դիմումին եւ 1962ին քաղաքին նորաճ ու արդիական «Ալմաս» թաղամասին մէջ հողամաս մը ծախու կ՚առնէ Հայ համայնքին համար: Սոյն հողամասին վրայ կը կառուցուին դպրոց եւ քահանայի բնակարան, նաեւ համայնքի համար՝ սրահ մը բեմով ու մարզական ակումբով: Հողաշերտ մը վերապահուած է նոր եկեղեցիի կառուցման համար:
— Քէրքուկի Նորակառոյց Եկեղեցին
Քրիստոնէից եւ այլ կրօնքներու աւան- դապահութեան նախարարութեան միջոցով Առաջնորդարանս դիմում կատարեց քաղաքաչինութեան նախարարութեան նոր եկեղեցի կառուցելու խնդրանքով, տրուած ըլլալով որ հին եկեղեցին ոչ վայելուչ թաղամասի մէջ կը գտնուի։ Նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուեցաւ 2012-ի Մարտին։ Օծումը՝ 14 Հոկտեմբեր 2016-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս։


