Սոյն թուականի Փետրուար 9-ին, առաւօտեան, ձեռամբ Իրաքի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանի, Պասրայի Սբ․Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ դպրութեան աստիճան տրուեցաւ եկեղեցւոյ երիտասարդ սպասաւորներ՝ Անդրանիկին ու Սևանին: Նոյն օրը երեկոյեան, համայնքի զաւակներու ներկայութեամբ կատարուեցաւ «Աւագ Արքեպիսկոպոս Ասատուրեան» եւ հանգուցեալ «Վարուժան Խաչիկեան» անունները կրող սրահներու բացման արարողութիւնը, որուն յաջորդեց համերգային ծրագիր «Քնար» երգչախումբի կատարմամբ: Երեկոն նուիրուած էր Առաջնորդ Սրբազան Հոր քահանայական ձեռնադրութեան 40 ամեակին: