Սոյն թուականի Փետրուար 1-2 օրերուն, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Քերքուկի համայնք՝ մօտիկէն իրազեկ ըլլալու համայնքի խնդիրներուն անցած քաղաքական իրադարցութիւններէն ետք։ Վարչութեան անդամներուն ընկերացաւ արժ․ Տ․ Մեսրոպ քհն․Գաբրիէլեանը, որը համայնքի զաւակներու ներկայութեամբ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ։