Ապրիլի 1–ին, ՊՀԵԵ միութիւնը եւ ՀԲԸ միութիւնը, ՊՀԵԵ միութեան սրահին մէջ, կազմակերպեցին շքեղ պարահանդէս` նուիրուած Սբ․ Զատկուան տօնին։ Հանդէսին հրաւիրուած էր լիբանանահայ երգիչ` Վիգէն Տիշչէքէնեանը, որ իր արուեստով խանդավառութիւն պարգեւեց ներկաներուն։ Օրուան ներկայ էին կազմակերպող եւ քոյր միութիւններու վարչական անդամները ու համայնքիս զաւակներէն մօտ 400 հոգի, որոնք յայտնեցին իրենց ուրախ տպաւորութիւնները հանդէսին մասին։