Կիրակի, Ապրիլի 8-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Գերաշնորհ Տ․Աւագ արք․Ասատուրեանի, Սբ․Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ նուիրուած Աստուածածինի Աւետման տօնին, որուն ներկայ էին թեմիս հաւատաւոր զաւակներ եւ այլ հիւրեր։ Այս օրը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ մեջ հռչակուած է կանանց եւ գեղեցկութեան օր։ Այս առիթով “Սուրբ Աստուածածին” եկեղեցւոյ մէջ ալ կանանց եւ աղջիկներուն բաժնուեցան յուշանուէրներ։