Լոյս տեսած է Համբարձում Աղպաշեանի «Թուրք Մտաւորականները, որոնք Ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը» գիրքի 2-րդ հատորը, որ վերջերս լոյս տեսած է ԱՄՆ` Լոս Անճելըսի մէջ : Գիրքին մէջ պրն. Աղպաշեան լուսարձակի տակ կ’առնէ հայ եւ թուրք պատմութիւնը, անդրադառնալով 50 թուրք մտաւորականներու՝ պատմաբաններ, բժիշկներ, արուեստագէտներ, մարդու իրաւունքի պաշտպաններ, լրագորղներ եւ ուրիշներ, որոնք կ’աջակցին հայերու եւ աշխարհի արդարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, եւ կոչ կ’ուղղեն Թուրքիոյ կառավարութեան ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը , ներողութիւն խնդրելու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին փոխհատուցելու: Նշենք, որ Գիրքին 1-ին հատորը հրատարակուած է 2015թ.ին: