Skip to content

Ապրիլի 11-ին Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իրաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչները` Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի ուղեկցութեամբ: Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց անոնց ազգանուէր եւ հայապահպան գործունէութիւնը, աշխոյժ մասնակցութիւնը սահմանապահ գիւղերուն աջակցելու ծրագիրին, նախանձախնդիր վերաբերմունքը կրթական, համայնքային եւ եկեղեցական հարցերու լուծման: Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին արդիւնաւէտ հանդիպման համար, ներկայացուցին համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները, մարտահրաւէրները, իրականացուցած աշխատանքներն ու յետագայ ծրագիրները: (Աղբիւր։Հայերն Այսօր Կայքէջ)

Like this:
Like Loading...