«Կոմս», (Վահան Փափազեան)-ի «Խոնարհ Հերոսներ», Դ․գիրքի մէջ յիշուած ֆետայի Սամուէլ Պետրոսեանի (Սպարակերտցի Սամուէլ կամ Մորուք Սամուէլ) կապակցութեամբ, Իրաքի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ Ապրիլ 24-ին երեկոյեան ժամը 5։30-ին՝ Պաղտատի մէջ, տեղի ունեցաւ ֆէտայիի աճիւններու հանդիսաւոր փոխադրութեան արարողութիւնը Պաղտատի առաջնորդարանի կից գերեզմանատունէն եւ զետեղուացաւ Առաջնորդարանի բակի Խաչքար-Յուշարձանի մէկ կողմը, ուր եւս զետեղուած են Վանի հերոսամարտի հերոսներէն՝ Լեւոն Շաղոյեանի (Լեւոն Փաշա) եւ Ազատ Սիմոնեանի (Պրն․Ազատ) աճիւնները։ Սոյն միջոցառումը աւարտուեցաւ միասնաբար երգելով «Վերքերով Լի Ջան Ֆէտա Եմ․․․․․»