Կիրակի՝ Յունիս 3-ին, Պաղտատի Սբ.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ եւ հայրապետական մաղթանք նուիրուած Կաթողիկէ Սբ. Էջմիածնի տօնին: Արարողութեան ներկայ էին հոգեւորականաց դասը, ազգային կեդրոնական վարչութեան, եկեղեցապան մարմնի ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն ։