ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հանդիպում Առաջնորդարանի Առընթեր Յանձնախումբերու Հետ

DSC_0013

Ազգային վարժարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Յունիս 22-ին, Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեան հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան առընթեր նորանշանակ 16 յանձնախումբերու անդամներուն հետ։ Սրբազան հայրը գնահատեց անոնց անձնուրաց եւ անվերապահ ազգային նուիրական աշխատանքը, մաղթելով գործոց  յարատեւ յաջողութիւն։ Հանդիպման ներկայ էին Հոգեւորականաց  դասը, ԱԿ վարչութեան անդամները։ Աւարտին Սրբազան Հայրը պարգեւատրեց Ազգային կեդրոնական վարչութեան  ընտրութիւնը կազմակերպող յանձնախումբի անդամները՝ վաստակաշատ պրն.Օհաննէս Կէյիկեանը, պրն.Կարապետ Չոլաքեանը եւ պրն. Պերճ Պէյլերեանը։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: