ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

ՄԱԿ-ի Իրաքեան Գրասենեակի ընդհանուր քարտուղարի Այցելութիւնը Առաջնորդարան

DSC_0065

Իրաքի մէջ ի պաշտօնէ ներկայացուցիչ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար՝ Տիար Եան Քոպիչ,  26 Յուլիսի  2018թ.ին, նախապէս պայմանաւորուածութեան համաձայն այցելեց Իրաքի Հայոց Առաջնորդարան: Առաջնորդարանէն ներս հիւրը ընդունեցին՝ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեան եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ պրն. Գրիգոր Տէր. Մովսէսեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Իրաքը յուզող հարցեր եւ մասնաւորապէս հայերուն առջեւ ծառացած խնդիրները, կարեւոր համարուեցաւ իրաքահայերու կողմէ ներկայացուցիչ ունենալը Իրաքի կեդրոնական խորհրդարանին մէջ: Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Սրբազան հայրը Տիար Եան Քոբիչին  նուիրեց «Էջմիածնի Գանձեր» պատկերագիրքը, եւ Առաջնորդին ուղղեկցութեամբ ներկաները այցելեցին առաջնորդանիստ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: