Հանդիսապետութեամբ՝ Հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեանի եւ հոգեւորականաց դասի, ինչպէս նաեւ համայնքիս երէցներու ներկայութեամբ, Օգոստոս 11-ին, Պաղտատի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ կատարուեցաւ Սբ. Աստուածածնայ վերափոխման նախատօնակը եւ անուանակոչութեան նուէրներու բաշխում:
Օգոստոս 12-ին, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ՝ եկեղեցւոյ չորրորդ տաղաւար տօնը, Հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեան սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին քարոզեց եւ իր օրհնութեան խօսքը ըսաւ տօնին առիթով: Ապա կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի կարգը։
Օգոստոս 15-ին, Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Գէորգ քհնյ. Արշակեան կատարեց ժամերգութիւն եւ քարոզխօսութիւն Սբ. Աստուածածնայ համաքրիստոնէական տօնին առիթով: Նշենք, որ Իրաքի մէջ Սբ. Աստուածածնայ եկեղեցին եւ յատկապէս Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնը համաքրիստոնէական արժէք կը ներկայացնէ: