ՀԵԿ-ի Եկեղեցանուէր Աշխատանքը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Առիթով
Posted on
Հայ եկեղեցասիրաց կազմը, Օգոստոս 11-16, իր ազգօգուտ եւ եկեղեցանուէր աշխատանքներով մասնակցեցաւ Սբ. Աստուածածնայ վերափոխման տօնի կազմակերպման եւ եկեղեցւոյ մաքրման գործին։ Հերթապահութիւն սահմանելով ՀԵԿ-ի վարչական կազմն ու անդամները՝ թիւով 25 հոգի, իրենց ուրոյն ներդրումը բերին ե՛ւ Մէյտանի Սբ. Աստուածածին ե՛ւ Առաջնորդանիստ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ կատարուելիք տօնի պատրաստութեան աշխատանքներուն։ Անոնք վերահսկեցին Սբ. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ հաւատացեալ բազմութեան ելքն ու մուտքը, կատարեցին մոմավառութեան սրահի՝ մարդաշատ 3 օրեայ անընդմէջ մաքրման աշխատանքները։ Իսկ տօնին ընդառաջ կատարեցին խաղողի փաթեթաւորումը։ Տօնի աւարտին ՀԵԿ-ը զբաղուեցաւ Սբ. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ տարածքի մաքրման ու բարեկարգման աշխատանքներով։