Սեպտեմբեր 28-ին, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ՝ գերաշնորհ Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեան, որ վերջերս կը գտնուի Իրաքի մէջ, պատարագեց Առաջնորդարանիստ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Վահան սրբազանը իր քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմիս բարեխնամ առաջնորդին իր ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Նշենք, որ Վահան սրբազանը ծնած է Պաղտատի մէջ եւ բազում տարիներ ծառայած է Իրաքի համայնքէն ներս։