Oրհնութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի եւ հովանաւորութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Հայ եկեղեցասիրաց կազմը թիւով 34 հոգի, գլխաւորութեամբ Պր. Արա Եսայեանի, Սեպտեմբեր 21-էն 26, կազմակերպեց զբօսաշրջութիւն դէպի Իրաքի հիւսիսային՝ Էրպիլ քաղաքը, ուր մասնակցեցան տեղի համայնքի կազմակերպած ձեռնարկներուն նուիրուած՝ ՀՀ անկախութեան 27 ամեակին առթիւ։ ՀԵԿ-ի անդամները նաեւ շրջագայութիւն կատարեցին քաղաքի տեսարժան վայրերը եւ հանգստեան գօտիները: