Հոկտեմբեր 11-ին, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը, մասնակցութեամբ՝ ԻՀՄՏ միութեան վարչութեան, Ազգային վարժարանի Կիւլպէնկեան սրահին մէջ, կազմակերպեց հրաժեշտի երեկոյ նուիրուած՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պր. Կարէն Գրիգորեանի պաշտօնավարման ժամկէտը լրանալուն առիթով։ Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, ներկայացուեցան դեսպանի գործունէութեան կարեւորագոյն հանգրուաները՝ Իրաքի Հանրապետութեան եւ հայոց թեմին համար։ Երեկոյի աւարտին Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Պր. Մելքոն Մելքոնեան Պր. Դեսպանին յուշանուէր մը յանձնեց։ Երեկոյին ներկայ էին հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վարդապետ Սարգիսեան, քահանայ հայրեր, քոյր միութիւններու ատենապետներ եւ անդամներ, առաջնորդարանի առընթեր յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։