Նոյեմբերի 21ին Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ հոգեւոր պետ, Նորին Սրբութիւն Կիրիլ պատրիարքը Մոսկուայի Սբ․ Դանիէլ վանքի համալիրի իր նստավայրին մէջ ընդունեց Իրաքի քրիստոնեայ կրօնապետերէն ոմանց, որոնք նախորդ քանի մը օրերու ընթացքին այցելութեամբ մը կը գտնուէին Մոսկուա։ Յիշատակութեան արժանի է որ հոգեւորականաց պատուիրակութիւնը կը նախագահէր Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ եւ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքապետերու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ Արք․ Ասատուրեանը։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար այցելել ՝
http://www.patriarchia.ru/en/db/text/5308832.html