ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Գործունէութեան 40 Ամեակը

DSC_5578

2018ի Նոյեմբերի 8-10 օրերուն իրաքահայութիւնը  նշեց Առաջնորդ սրբազան հօր  գործունէութեան քառասուն ամեակը:   Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, չորս օրերու տեւողութեան  Առաջնորդարանի եւ հայկական միութենական հաստատութիւններու սրահներուն մէջ տեղի  ունեցան  շարք մը հանդիսութիւններ: Ուրախալի էր որ այս առիթով թեմը այցելեցին՝ Անթիլիասի Միաբանութեան երէց հոգեւորականներէն Գեր. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանը, Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Արմաշ եպս. Նալբանդեանը, Ֆրանսայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեր. Տ. Վահան եպս. Յովհաննէսեանը նաեւ Հայաստանէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն եւ  Անգլիայէն առաջնորդ սրբազան հօր ազգականներէն ու բարեկամներէն ոմանք: Ձեռնարկները սկսան Հինգշաբթի 8 նոյեմբերին:    Պաղտատի Երիտասարդաց Միութեան  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական- գեղարուեստական  երեկոյ, ուր ճոխ յայտագրով ներկայացուեցաւ սրբազան հօր  քառասուն տարիներու նախանձախնդիր  ծառայութիւնը ազգին ու  եկեղեցիին:  Ուրբաթ առաւօտուն առաջնորդ սրբազան հայրը  Պատարագ մատուցեց  Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Օրուայ քարոզը խօսեցաւ  Գեր. Տ. Վահան եպիսկոպոսը: Պատարագի աւարտին    ներկաներուն հրամցուեցաւ   աւանդական «Հարիսա»ն, որը պատրաստուած էր  Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային միութեան կողմէ: Երրորդ օրը Իրաքի Հայ Բարեգործական Միութեան սրահին մէջ կատարուեցաւ «Երախտամատեան առ Աւագ Արքեպիսկոպոս» գիրքի շնորհանդէսը: Գիրքը հերթաբար ներկայացուցին Արամ սրկ. Քէթէնճեանը եւ  Գեր. Տ. Վարուժան Արքեպիսկոպոսը: Եղան նաեւ սրտի խօսքեր: Երեկոյի աւարտին հանդիսականներուն բաժնուեցաւ օրինակ մը այդ գիրքէն: Կիրակի երեկոյեան, նոյեմբերի 11ին Սբ. Պատարագ մատուցուեցաւ  Պաղտատի Սբ.  Աստուածածին  եկեղեցւոյ մէջ:    պատարագիչն էր Գեր. Տ. Արմաշ եպս. Նալբանդեանը: Այս հանդիսութիւններուն իրենց  մասնակցութիւնը բերին՝ Իրաքի մօտ ՀՀ դեսպանութեան կցորդ՝ պրն. Ալիք Ղարիպեանը,  Քրիստոնեայ աւանդապահութեան տնօրէն՝ պրն. Րաատ Քէչեչին, հոգեշնորհ Տ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեանը, հոգեշնորհ Տ. Պետրոս աբղյ. Ազարեանը, նաեւ Էրպիլի, Տհօքի եւ Հաւրէզքի  արժանապատիւ քահանայ հայրերը. ներկայ էին  նաեւ Իրաքի հայաշատ կեդրոններուն թաղական խորհուրդի ատենապետներն ու անդամները, միութենական հաստատութեանց վարչութիւնները եւ առաջնորդարանի առընթեր յանձախումբերու ներկայացուցիչները: Յիշելու ենք որ   Տիկնանց Մշակութային Միութիւնը  ինչպէս նաեւ     առաջնորդարանի եւ  միութիւններու   տիկնանց յանձախումբերը, միջոցառումներու տեւողութեան  ճոխ սեղաններով ու հայկական ուտեստեղէններով միւթիւններու սրահներուն մէջ հիւրասիրեցին մեծարգոյ հիւրերը:

 

Լուսանկարները տրամադրեց պարոն Րաֆֆի Լուսեանը

 

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: