ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

1988թ Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակի Ոգեկուչում

DSC_0119

1988 ին Հայաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի 30րդ ամեակին  առիթով, 2018ի դեկտեմբերի 7ին Ուրբաթ օր, Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սբ․ պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ երկրաշարժի աւելի քան 25 հազար զոհերու հոգւոց խաղաղութեան համար։ Հոգեհանգստեան պաշտօնը, որը գլխաւորեց Հոգշ․ Տ․ Գաբրիէլ վրդ․ Սարգիսեանը, կատարուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքար-յուշարձանի մօտ, ապա նոյն առիթով միջոցառում տեղի ունեցաւ վարժարանի Կիւլպենկեան սրահին մէջ, որու ընթացքին ներկայացուեցան երկրաշարժի պատմականը եւ սրտի խօսքեր։ Կը կարեւորենք յիշել որ այս օրուան մասնակից եղաւ ՀՀ դեսպան՝ տիար Հրաչ Փոլատեանը, որն իր յարգանքի տուրքը կատարեց եւ դեսպանութեան անունով խաչքարին մօտ ծաղկեպսակ զետեղեց․ Միջոցառումին ներկայ եղան դեսպանութեան կցորդ Պրն․ Ալիք Ղարիպեանը, կեդրոնական վարչութեան անդամները, Հայ միութենական հաստատութեանց ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ սկաուտներ եւ հոծ բազմութիւն։ Յիշատակութեան արժանի է որ Պրն․ Դեսպանը սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ երկրաշաժի օրերուն իր տպաւորութիւններու եւ տարուած անձնուէր աշխատանքներուն  մասնակցութեան մասին։

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: