Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գեր․ Տ․ Աւաք Արք․ Ասատուրեանի բարձր կարգադրութեամբ՝ Առաջնորդարանի առընթեր Հ․ Ե․ Կ․ ի աշակերտութիւնը, ինչպէս նախորդ տարիներուն, տարւոյս Դեկտեմբերի 24ին եւս այցելեց Ծերանոցի բնակիչներուն եւ նոր Տարուայ առիթով նուէրներ բաշխեց անոնց։ Հանդիպումը գլխաւորեց Հոգ․ Տ․ Գաբրիէլ Վրդ․ Սարգիսեանը եւ այդ առիթով տուաւ իր օրհնութեան խօսքը։ Խնճոյքին ընթացքին կատարուեցաւ երգ, պար եւ մըրցոյթ, ապա միասնական ընթրիք։