Skip to content

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ գեր. Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի, Պաղտատի Ազգային Տարրական Երկսեռ վարժարանը Յունուարի 12ին Ամանորի առիթով գրական- գեղարուեստական ցերեկոյթ մը կազմակերպեց նուիրուած հայոց անմահ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150րդ ամեակին: Հանդիսութեան՝ մասնակցող երկսեռ աշակերտութիւնը արտասանեց Թումանեանի քերթուածներէն ինչպէս նաեւ անոր խօսքերով յօրինուած երգերէն երգեց: Ըստ սովորութեան, բեմ բարձրացան 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի 6րդ նախակրթարանի եւ 3րդ միջնակարգի շրջանաւարտները եւ սրբազան հօր կողմէ ստացան վկայականներ. քաջալերական նուէրներ ստացան նաեւ անցեալ տարուայ հայերէն լեզուի լաւագոյն աշակերտները: Հանդիսութեան ներկայ եղան հոգեւորականաց դասը, կեդրոնական վարչութեան եւ կրթական յանձնախումբի անդամներէն ոմանք, ուսուցչական կազմը եւ ծնողներ:
Like this:
Like Loading...