ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԱՅՈՑ

مطرانية الارمن الارثوذكس في العراق

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Ս․ Ծննունդ Առաջնորդանիստ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

1 (45)

Պաղտատի մէջ Յունուար 6-ին, Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Առաջնորդանիստ Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սբ. Պատարագ ձեռամբ՝ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի: Յընթացս Սբ. Պատարագի  կատարուեցաւ Ջրօրհնեքի արարողութիւն: Սբ. Պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Սրբազան հայրը ընդունեց Իրաքի Մօտ ՀՀ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Հրաչեայ Փօլատեանը,  Քրիստոնեայ եւ Իսլամ կրօնապետեր, պետական այրեր եւ համայնքիս հաւատացեալներէն շատեր, որոնք եկած էին փոխանակելու Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուայայտնութեան աւետիսը:

Print Friendly, PDF & Email

%d bloggers like this: