Վերջին 2-3 ամիսներուն, Պաղտատի Սբ․ Աստուածածին եկեղեցին ենթարկուեցաւ մեծածաւալ վերանորոգումներու (Այս մասին տեսնել սոյն կայքի 29-12-2018 թուակիր հաղորդագրութիւնը)Վերոյիշեալ աշխատանքներու 2րդ եւ վերջին հանգրուանի աւարտը զուգադիպեցաւ Սբ․ Ծննդեան տօներուն։ Այս առիթով Առաջնորդ Սրբ․ Հօր գլխաւորութեամբ Յունուարի 19 ին, երեկոյեան, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ եւ համալիրի պաշտօնական վերաբացումը, որուն ներկայ եղաւ Իրաքի մշակոյթի նախարար Պրն․ Ապտ Ալ-Ամիր Ալ-Համատանին։Ներկայ եղան նաեւ սեփական դրամատուներու ներկայացուցիչներ, որոնց Սրբ․ Հայրը յայտնեց իր երախտիքի խօսքը, վերոյիշեալ աշխատանքները օժանդակելու համար։ Հանդիսութեան՝ արտասանուեցան սրտի խօսքեր եւ դպրաց դասի կողմէ երգերու կատարումներ։ Հաւատացեալներու կողքին, այս հոգեպարար միջոցառման կը մասնակցէր հոգեւորականց դասը․ եկեղեցապան մարմինը եւ կեդր․ վարչութեան անդամներէն ոմանք։